Երբ կը խօսինք Ծնունդին մասին, մենք կը պատմենք Աստուծոյ ծրագիրին մասին: Այսինքն՝ կը խօսինք Անոր կատարած յաղթութեան մասին:
- Կը խօսինք Աստուծոյ խոստումներուն մասին:
- Կը խօսինք Աստուծոյ իրագործումներուն մասին:
- Կը խօսինք Աստուծոյ կատարած յաղթութիւններուն մասին ինչպէս նաեւ Անոր հաստատած ապահով կեանքին մասին:
Ըստ յունարէն բնագիրին, ծնունդ կը նշանակէ.
- Սկիզբ՝ բանի մը, որ գոյութիւն չունէր նախապէս:
- Սերունդ եւ անոր սկսիլը
- Բնոյթ՝ յատուկ բան մը, յատուկ բնոյթ մը
- Ծագում
- Ծննդոց - Ինչպէս Սուրբ Գիրքին առաջին գիրքը կոչուած է, ուր կը պատմուի, թէ Աստուած ամէն բանի սկիզբը դրաւ, կամ ամէն բան ստեղծեց:
Ծննդոց գիրքին մէջ կը տեսնենք, թէ Աստուած մարդը Իր պատկերին նմանութեամբ ստեղծեց:
- Երբ ստեղծուած մարդը ազատ կամքով մերժեց Աստուծոյ պատուէրին հնազանդելով ապրիլ, կորսնցուց ամէն խոստում, որ Աստուծոյ կողմէ անոր սահմանուած էր:
Առաջին Մարգարէութիւնը
Ծն 3.15-ին մէջ կը կարդանք, թէ Տէրը մեղքի պատճառով ինկած մարդուն կը խոստանայ յաղթութիւն: «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ: Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»:
- Այս համարը կը խօսի յաղթութիւն՝ մեղքին պատճառով սայթաքած մարդուն:
- Կը խօսի յաղթութիւն՝ մեղքին պատճառով Սատանային դիմաց տկար եղող մարդուն:
- Յաղթութիւն՝ անձի մը միջոցաւ, որ պիտի ծնէր կնոջ սերունդէն, որ է Յիսուս:
Տէր Յիսուս ամբողջ մարդկութեան Փրկիչն է (տե՛ս Ա.Յհ 2.2):
«Անիկա՛ է մեր մեղքերը քաւող Զոհը, որ ինքզինք մատուցանեց՝ մեր մեղքերը սրբելու համար. եւ ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մեղքերը սրբելու համար»:
Ուրեմն, երբ կը խօսինք Ծնունդին մասին, կը խօսինք յաղթութեան մասին:
- Յաղթութիւն՝ Տէր Յիսուսի Սատանային դէմ
- Յաղթութիւն, որ Յիսուսի սերունդը պիտի ունենայ Սատանային դէմ
Շատեր կը Խօսին Յաղթութեան Մասին (Տե՛ս Ես 9.6)
«Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ: Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան»:
Այս համարը կը խօսի իշխանութեանը մասին այն ծնելիք Որդիին, որ մանուկ պիտի չմնար: Այդ պատճառով, պատմութեան ընթացքին Սատանան տասնեակ մը թագաւորներ դրդած է, որ իրենք զիրենք վերոյիշեալ անուններով ներկայացնեն ժողովուրդին՝ ձգելով այն տպաւորութիւնը, թէ՝ Ծն 3.15-ին մէջ խոստացուած անձը, որ կնոջ սերունդէն պիտի գար՝ իրենք են:
Սակայն իրական յաղթութիւնը պիտի կատարուէր, Տիրոջ խօսքով եղած մարգարէութիւններուն համաձայն:
- Արտասովոր ծնունդ մը - «Անոր համար Տէրը ինք նշան պիտի տայ քեզի. ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի» (Ես 7.14):
- Այդ մարգարէութիւնը կատարուեցաւ երբ Մարիամ հաւատաց Տիրոջ կողմէ տրուած պատգամին (տե՛ս Ղկ 1.38): «Մարիամ ըսաւ.- Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ: Ապա հրեշտակը գնաց Մարիամի քովէն»:
- Նոյնպէս է նաեւ քու պարագադ: Երբ հաւատքով կ'ընդունիս Խօսքը՝ Յիսուսը եւ կեանքդ կը յանձնես Անոր, կը ստանաս վերստին ծնունդ, որ կը պարունակէ Ծն 3.15-ի յիշուած բազմատեսակ յաղթութիւնները:
- Այդ մարգարէութիւնը կատարուեցաւ երբ Մարիամ հաւատաց Տիրոջ կողմէ տրուած պատգամին (տե՛ս Ղկ 1.38): «Մարիամ ըսաւ.- Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ: Ապա հրեշտակը գնաց Մարիամի քովէն»:
Վերստին ծնունդով մեզի՛ պիտի ըլլայ նաեւ այդ իշխանութիւնը, որ կ'աճի ու կը մեծնայ Քրիստոսով ու փոքր չի՛ մնար:
- Այդ իշխանութիւնը մեր կեանքերուն, առողջութեան, ընտանիքներուն եւ գործերուն վրայ պիտի ըլլայ:
Տէր Յիսուսի Ծնունդը եւ մեր զանիկա տօնելը այսօր ունէր եւ ունի մէկ նպատակ՝ յայտնել բոլորին Աստուծոյ խոստումին եւ յաղթութեան կատարումին մասին:
Մինչ Աւետարանները կը կարդանք, կը նկատենք, թէ Տէր Յիսուսի ծննդեան առիթով երկինքը եւ երկիրը խօսեցան.
- Հրեշտակները խօսեցան:
- Մոլորակները խօսեցան:
- Հովիւները խօսեցան:
Մոգերը մոլորակներուն ճամբով գիտցան այդ մասին եւ Բեթլեհէմ հասնելով՝ գտան մանուկը (կարդա՛ Մտ 2.1-12):
- Անոնք փնտռեցին նորածին մանուկ մը, որ թագաւոր էր:
- Անոր երկրպագեցին՝ որպէս թագաւորի մը:
- Տուին իրենց նուէրները, որոնք կը խօսին նուիրումի մասին:
- Ոսկին = Հարստութիւն
- Կնդրուկ = Պաշտամունք եւ նուիրում
- Զմուռս = Սրբութեան հանդէպ նուիրում
- Մոգերը իրենց հաւատքէն ետ չդարձան երբ երկրին թագաւորը, քահանաները եւ ժողովուրդը սխալ եւ ժխտական վերաբերումներ ունեցան:
- Անոնք վերջապէս ուրախ վերադարձան իրենց երկիրը (հմմտ Մտ 2.12):
Յիսուսի ծնունդը այս պահուն յաղթութիւն է քու կեանքիդ, առողջութեանդ, գործերուդ, ընտանիքիդ, սիրելիներուդ, շրջանիդ, քաղաքիդ, ազգիդ եւ քեզի ու կեանքիդ վերաբերող ամէն բանի մէջ: