Ծառայութեան դաշտին մէջ, կարեւոր է հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն ունենալ: Յիսուս քայլ առ քայլ Հայր Աստուծոյ հետ քալեց եւ մենք ալ կարեւոր է որ նոյնը յանձն առնենք:
«Տէրը Մովսէսին ըսաւ. 'ելի՛ր ինծի ու հոն կայնէ: Քեզի պիտի տամ քարեղէն տախտակներն ու իմ դրած օրէնքս եւ պատուիրանքներս՝ որպէսզի անոնց սորվեցնես': Եւ Մովսէս ու անոր պաշտօնեան՝ Յեսուն՝ ելան եւ Մովսէս Աստուծոյ լեռը ելաւ եւ ըսաւ ծերերուն. 'Դուք հոս մեզի սպասեցէք, մինչեւ որ ձեզի դառնանք: Ահա Ահարոն ու Ովր ձեզի հետ են. Եթէ մէկը դատ մը ունենայ՝ թող անոնց երթայ': Մովսէս լեռը ելաւ ու ամպը պատեց լեռը: Տէրոջը Փառքը Սինա լերան վրայ հանգչեցաւ: Ամպը պատեց զանիկա վեց օր եւ եօթներորդ օրը Տէրը ամպին մէջէն կանչեց Մովսէսը: Տէրոջըփառաւոր տեսիլքը լերանե գագաթին վրայ մաշող կրակի պէս էր Իսրայէլի որդիներուն առջեւ: Մովսէս ամպին մէջէն մտաւ ու լեռը ելաւ եւ քառաւուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը մնաց» (Ելք 24.12-18):
Յեսու ընտրուեցաւ Մովսէսէն: Ան շարունակ Մովսէսի հնազանդ էր եւ իր կոչումին հաւատարիմ էր:
Ծառայութիւնը պէտք է ամէն բանէ վեր ըլլայ մեզի համար եւս: Եղիսէ Եղիայի ետեւէն կ'երթար ու անոր ձեռքերուն ջուր կը թափէր: Եղիսէ գիտէր որ իրը առնելու համար կարեւոր էր որ ինք Եղիայի հնազանդէր: Աշակերտները եւս Յիսուսի հետեւելով էր որ զԻնք ճանչցան: Յիսուս ինք ըսաւ «ետեւէս եկէք»:
Յեսու ընտրուած էր. Մենք ալ Յիսուսով ընտրուած ենք (Ա.Պտ 2.9-10): Ամէն մէկս այսօր քահանայ է իր սիրտը Յիսուսի նուիրելու (Հռ 12.1): Ընտրուիլ կը նշանակէ կանչուիլ գործի մը համար:
Երբ Տէրը Մովսէսին ըսաւ որ ելլէ ու սպասէ (12), Մովսէս Յեսուն իր հետը առաւ: Մինչ Մովսէս 40 օր Տիրոջ հետ կը խօսէր, Յեսու հոն սպասեց: Ասիկա նշան էր իր կոչումին բռնուած ու հաւատարիմ ըլլալու:
Առանց գին վճառելու, ծառայութիւնը յաջողութիւն չունենար: Քու յաջողութիւնդ պիտի գայ քեզի տրուածին բռնուած մնալէն: Եղիսէ իր հնազանութեան պատճառով Եղիայէն կրկնկապատիկը առաւ եւ Եղիայէն 2 անգամ աւելի հրաշք ըրաւ: Մենք ալ Յիսուսէն նոյն խոստումը ունինք (Յհ 14.12):