Յիսուս կ‘ակնկալէր, որ հետեւորդները, հաւատացեալները, աշակերտները եւ առաքեալները լաւ ճանչնային զԻնք:
Ճանչնալ Յունարէն «Կինոսքօ» ginōskō բառն է որ կը նշանակէ՝
- Զգալ, գիտութիւն ունենալ, ձեռք բերել, որոշել, վստահ ըլլալ, հասկնալ եւ ծանօթանալ
- Ճանչնալ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի խորհուրդները եւ ամէն բան, որ անոնցմէ յառաջ կու գայ:
- Ճանչնալ Աստուծոյ բնոյթն ու կամքը, հեթանոսներուն եւ հրեաներուն տեսակէտին փոխարէն (Ա.Կր 1.21):
- Ճանչնալ Անոր սէրը, որ ցոյց տուաւ զոհողութեամբ (Ա.Յհ 3.16):
(14-15) Հետեւորդները ճիշդ չէին ճանչցած Յիսուսը, այդ պատճառով Ան պէտքը զգալով՝ հարցուց «հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ'ըսէք թէ եմ»: Պետրոս ճանչցաւ որ Յիսուս Քրիստո՛սն է (16). Ան ճանչցաւ Հօր օգնութեամբ, որովհետեւ նուիրուած էր:
Հօր կամեցածը լսելուն պատճառով, Պետրոս «քար» կոչուեցաւ, այսինքն «փեթրա» (17), վէմին վրայ զետեղուելու համար եւ ստանալու համար զօրութիւն մը, որուն պիտի չյաղթեն դժոխքի զօրութիւնները (18) եւ որուն դիմաց պիտի չբացուին դժոխքի դռները:
Պետրոս Πέτρος [Petros /pet•ros/] «Փե՛թրոս» կամ «Պետրոս» կը նշանակէ քար, խիճ, վէմ: Իսկ Վէմ՝ πέτρα [petra /pet•ra/] «Փեթրա» կամ «վէմ» կը նշանակէ ժայռ, ժայռոտ գետին, մեծ ժայռ:
Յիսուսը ճշմարտապէս ճանչնալը եւ դաւանիլը բարձրագոյն իշխանութեան կը հասցնէ: Երբ կը ճանչնաս որ Յիսուս Քրիստո՛սն է, Յիսուսի մեծ վէմին վրայ յարմար քար մը կ'ըլլաս: Թշնամին պիտի չյաղթէ քեզի եւ պիտի չհամարձակի դէմդ կենալ:
Մտ 16.18-19-ին մէջ Յիսուս Պետրոսին ըսաւ՝ «Ես քեզի կ‘ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն: Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու ինչ որ երկրի վրայ արձակես, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ»:
Կապել՝ δέω [deo /deh•o/ «Տէ՛օ» կամ «կապել» կը նշանակէ.
- Քամի, հով
- Հանգոյց ընել՝ զօրութեամբ
- Կապել շղթայով
- Կապուիլ պաշտօնի
- Կապուիլ զոյգի
Արձակել λύω [luo /loo•o/] «Լի՛օ» կը նշանակէ.
- Քակել
- Կոտրել
- Կործանել
- Ջնջել, խափանել
- Ազատել բանտէն
- Հռչակել որպէս անօրի-նական
Կողոպտէ՛ (Մտ 12.28) διαρπάζω [diarpazo /dee•ar•pad•zo/ «Տէրփա՛զօ» կը նշանակէ՝
- Աւար հաւաքել
- Փճացնել
Յիսուս պիղծ ոգիով մարդը ազատեց պիղծ ոգին կապելով (Մր 1.25): Դուն այսօր նո՛յն իշխանութիւնը ստացած ես Յիսուսէն: