«Վասն զի անհաւատ այրը սրբուած է կնոջմովը եւ անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. Ապա թէ ով՝ ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են» (Ա.Կր 7.17):

Մենք կրնան շատ բաներ տեսնել մեր զաւակներուն ապագային համար, բայց կարեւոր է տեսնենք Աստուծոյ սահմանումները:

Աստուած Ադամին եւ Եւային տուած էր հոգի եւ հոգիին միջոցաւ անոնց կու տար ամէն գիտելիք, որպէսզի երկրի վրայ ապրին: Սկիզբէն, Ադամ եւ Եւա իրենց պզտիկները Աստուծոյ բերելու կանչուած էին. համալսարաններուն մէջ չէին սորվեցներ ինչպէս Աստուծոյ մօտենալ:

Զաւակները արժէքաւոր են Սղ 127.3-5-ի համաձայն. Աստուծմէ նուէր են ծնողներուն, որպէսզի սերունդներ ունենան եւ տուողին համաձայն ապրեցնեն:

Նետին որակին համար, թէ նետ շինողը եւ թէ նետողը կարեւոր են, որովհետեւ եթէ որեւէ մէկը սխալ ընէ, նետը սխալ կ'երթայ: Ծնողները պէտք է զաւակը շինեն ճիշդ ձեւով, որպէսզի անիկա երթայ հոն ուր որ պէտք է երթայ:

Աստուածաշունչի հաւատքի ընտանիքները այս սկզբունքով կ'ապրէին՝

  • Մովսէսին ընտանիքը զինք չյանձնեց թշնամիին ծրագիրին հապա Աստուծոյ կամքին, որովհետեւ հաւատքով տեսաւ պատահելիքը: Եւ Մովսէս ժողովուրդին փրկիչը եղաւ:
  • Սամփսոնին հայրը ու մայրը հոգացին իրեն, անոր ծնելէն առաջ իսկ:
  • Զաքարիա քահանան իր զաւակին՝ Յովհաննէս մկրտիչին վրայ մարգարէութիւն ըրաւ:
  • Քանանացի հեթանոս կինը իր աղջկան հարցին համար Յիսուսին դիմեց եւ հաւատքով առաւ:

Մենք Յիսուսին պէտք ունինք եւ շատ կարեւոր է որ մեր ընտանիքներէն ներս շինենք Քրիստոնէական կլիման:

Նախորդ Հրապարակում Մինչեւ Երկինքէն Զօրութիւն Ստանաք
Յաջորդ Հրապարակում Յարութիւնը Ճանչնալ