Ի՞նչու Յիսուս յարութիւն առնելէն անմիջապէս ետք չգնաց երկինք, այլ 40 օր սպասեց... Այդ օրերուն ընթացքին, աշակերտները շատ բաներ սորվեցան եւ յաղթեցին իրենց տկարութիւններուն: Ասիկա մեզի համար 40 օր պիտի չըլլայ, այլ ամէն օր:
Քրիստոսի Նայիլ եւ Յարութիւնը Ճանչնալ
«Անոր հետ յարուցանեց մեզ ու անոր հետ նստեցուց երկնաւորներուն մէջ Քրիստոս Յիսուսով» (Եփ 2.6): Մեր բուն ինքնութիւնը սնունդ կ'առնէ յարուցեալ Քրիստոսէն, գերագոյն զօրութեան աջ կողմը նստողէն: Մենք Անոր մարմինին անդամ ենք եւ մեր ներկան կախեալ է Տիրոջմէն:
Հետեւաբար Աստուածաշունչը կ'ակնկալէ, որ մի՛շտ նայինք կեանքի աղբիւրին, եւ ոչ թէ դժուարութեան, որ եկած է քանդելու՝ «Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէք, ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը» (Կղ 3.1): Միայն ա՛յն ատեն յարութիւնը կրնանք ճանչնալ:
Մենք կանչուած ենք պարելու յարութեան զօրութիւնը ճանչնալով, այսինքն ներքնապէս գիտնալով եւ ընդունելով:
Գիտնալը բաւարար չէ, այլ պէտք է ներքին փոձառութեամբ ճանչնալ:
Փորձառութեան Երեք Մակարդակներ
- Հոգեւոր
- Շնչաւոր
- Մարմնաւոր
Պէտք է հոգիին ունեցած փորձառութիւնը անցնի մարմինին:
Ամէն օր հանդիպում պիտի ունենանք Տիրոջ հետ (Եբր 4.16): Եբր Տիրոջ հետ հանդիպում կ'ունենանք, ամէն արգելք ու դժուարութիւն ծունկի կու գայ, որովհետեւ Տիրոջ ներկայութեան մէջ թշնամին տիրել չի կրնար:
Երբ Տիրոջ հետ այս հանդիպումները կանոնաւոր ձեւով կատարուին, մեր շունչն ու միտքը կը սկսին աշխարհին ազդեցութենէն թօթափիլ եւ Աստուծոյ ներկայութեան ազդեցութեան տակ աշխատիլ:
Այսպիսով, Աստուծոյ հանդպիլիը մեր շունչին եւ փափաքներուն մէջ փոփոխութիւն պիտի բերէ: Եւ երբ մեր զգացումներուն վրայ տիրողը Աստուած կ'ըլլայ, մեր մարմինին վրայ բժշկութեան իշխանութիւնը կը տեսնենք ու մեր հաւատքը մարմինին ալ կը հասնի:
Յարութեան Փորձառութիւնը Չունեցողներուն Վիճակը
«Մէկշաբթի օրը Մարիամ Մագթաղենացին առտուն՝ դեռ չլուսցած՝ գերեզման կ'երթայ ու կը տեսնէ որ քարը գերեզմանին դռնէն վերցուած է: Անմիջապէս կը վազէ կ'երթայ Սիմոն Պետրոսին եւ միւս աշակերտին, որ Յիսուսը կը սիրէր եւ կ'ըսէ անոնց. 'Տէրը գերեզմանէն վերցուցին ու չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա'» (Յհ 20.1-2):
Յիսուս ըսած էր, որ յարութիւն պիտի առնէր, բայց Մարիամ ըսաւ որ իր Տէրը տարած են: Իր վրայ տիրած էր օտար վիճակ մը եւ օտար խօսքերը իր վրայ աւելի ազդած էին քան Յիսուսի խօսքերը:
Ան տակաւին Յիսուսի խօսքերը չէր ըմբռնած եւ յարութեան փորձառութիւնը չէր ճանչցած:
Մարիամ կու լար, որովհետեւ իր Տէրը կորսնցուցած էր (Յհ 20.11): Ասիկա կը նմանի ապրելու կեանք մը, որ Տիրոջ խոստումներուն հետ կապ չունի:
Աշակերտները եւս տեսան որ Յիսուսը գերեզմանին մէջ չէր, բայց տակաւին իրենց կասկածմներէն չազատեցան:
Յիսուսի յարութեան լուրը չօգնեց որ վայելեն խոստումները, որովհետեւ յարութեան զօրութիւնը ճանչնալու համար բաւարար չէ պարապ գերեզման տեսնելը:
Թէեւ աշակերտները կասկածեցան սկիզբը, բայց վերջը այդ ճշմարտութեան համար մեռան:
Յիսուսի Յարութեան զօրութիւնը
Եփ 1.18-21-ը կը յայտնէ Յիսուսի յարութեան զօրութեան մասին:
Ըստ Պօղոս առաքեալի, յարութեան փորձառութիւնը շարունակ աճող բան մըն է (Փլպ 3.2-10):
Քրիստոսի յարութեան լուրը պատմութիւն չէ, ոչ ալ աւանդութիւն: Յարութեան նպատակը մահուան յաղթել է եւ երբ Քրիսոսի յարութեան մասին կը խօսինք՝ կը խօսինք Սատանային ըլլալիքին մասին (Եբր 2.14-15):
Զօրութիւնը մեզմէ պիտի ելլէ եւ մարդոց կեանքերը պիտի փոխէ: Պիտի ակնկալենք որ թշնամին, որ գլուխ բարձրացուցած է, խայտառակ ըլլայ:
«Եւ իշխանութիւններն ու պետութիւննները մերկացուց ու յայտանպէս խայտառակեց՝ յաղթելով անոնց անով» (Կղ 2.15):