Աստուած իր խօսքը մեզի տուաւ նպատակով, որպէսզի Խօսքը ամէն մէկ խոստումի կատարումին համար հսկէ: Աստուած Իր խօսքը կը ներկայացնէ իբրեւ Անձ. Երբ զայն կը լսենք ու կ'ընդունինք հաւատքով, կը վայելենք Խօսքին գերբնական զօրութենէն՝

«Վասնզի ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկինքէն կ'իջնեն եւ հոն չեն դառնար, հապա երկիրը կ'ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ'ընեն, ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան, Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ: Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի» (Ես 55.10-11):

Եբրայերէն «Տապար» կը գործածուի ըսելու համար՝ խօսիլ, բանի մը ձեռնարկել, համաձայնիլ խօսքին վրայ, քանդել, տիրապետել: Խօսքը ծրագիր ունի, կը քանդէ ամէն կապանք եւ Խօսքին միջոցաւ Աստուած կու գայ տիրելու մեր կեանքին:

Ուրեմն, խօսքը գործ մը ստանցնած է Աստուածութենէն եւ անոր կատարուելուն կը հսկէ:

Աստուածաշունչին համաձայն, Լոկոսը՝ Բանը մարմնացաւ (Յհ 1.1, 14) եւ Լոկոսը այսօր Սուրբ Հոգիով մեր մէջ կը ներգործէ (Ա.Թես 1.5, 2.13): Լոկոսը՝ Բանը մեր մէջ կենդանութիւն կը յայտարարէ (Հռ 8.9,11):

Աստուածաշունչը խօսուածներուն մեր մէջ կատարուիլը երկու մասի կը բաժնէ.

  1. Լոկոս - Այսինքն՝ այն ինչ որ Աստուած խօսած է եւ որ մենք ունինք Աստուածաշունչով: Նոյն ատեն Բանն է՝ Յիսուս:
  2. Րեմա - Այսինքն՝ այն ինչ որ Աստուած ներկայ ժամանակին մէջ կը խօսի, կը յայտնէ եւ Սուրբ Հոգիով կը գործէ:

Ինչպէ՞ս Կը Նայինք Խօսքին Եւ կ'ընդունինք զԱյն Մէր Կեանքին Մէջ

Կրնան ըսել «Աստուած խոստացած է եւ պէտք է կատարէ», «Աստուած խոստացած է եւ օր մը պիտի կատարէ», «Աստուած խոստացած է, բայց եթէ իր կամքն է պիտի կատարէ», «Կ'աղօթեմ եւ կը խնդրեմ որ խոստումը իրականացնէ» կամ «հաւատք ցոյց կու տամ, Աստուածաշունչը բաց պահելով կամ բարձին տակ դնելով»:

Աստուածաշունչը կ'ըսէ՝ «Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէք, ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը: Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն: Վասնզի դուք մեռաք ու ձեր կեանքը պահուած է Աստուծոյ քով Քրիստոսին հետ: Երբ Քրիստոս՝ մեր կեանքը յայտնուի, այն ատեն դուք ալ անոր հետ փառքով պիտի յայտնուիք» (Կղ 3.1-4):

Մեր Նայած Ձեւը Կենսական Է

  • Յիսուս մերժեց ամբողջ գիշեր զԻնք փնտռող հետեւորդներուն մղումը՝ «Յիսուս անոնց պատասխանեց.- Կ'ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք» (Յհ 6.26, ՆԹ):
  • Յիսուս հինգ հազարին կերակրումին հրաշքը իր աշակերտներուն ձեռքերով կատարեց եւ մերժեց բոլոր միւս միջոցները (Յհ 6.6-13: Մր 6.35-42): Հացերը շատնալուն բանալին աշակերտներուն բաժնելն էր:
  • Ձուկերը Պետրոսին չէին սպասեր լիճին եզերքը, այլ կը սպասէին Պետրոսի կարթին ջուրին մէջ իջնելուն, ճիշդ Յիսուսի ըսածին պէս (Մտ 16.27):
  • Տասներկու տարի արիւնահոսութենէ եւ մերժուածութենէ տառապող կինը հրաշք ստացաւ երբ հաւատաց որ Յիսուս իր հիւանդութենէն ելքն է (Մր 5.25-34):

Յիշուած բոլոր օրինակներն ալ իրենց լսած պատուէրը գործի վերածելով տեսան հրաշքը, այսինքն՝ Լոկոսին հաւատացին եւ անոր բռնուած մնացին մինչեւ որ ատիկա իրենց մէջ հրաշագործող Րեմա-ն հռչակեց, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործող զօրութեան եւ իշխանութեան հասցուց. «Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յհ 1.12, ՆԹ):

Յհ 6.63-ին մէջ կը կարդանք՝ «Աստուծոյ հոգին է որ կեանք կու տայ. Մարդս նան մը չի կրնար ընել: Այն խօսքերը որ ես ձեզի խօսեցայ, Աստուծոյ Հոգիէն կու գան եւ կեանք կու տան»:

Եփ 6.10-18-ին մէջ Լոկոս խօսքը կը ներկայանայ իբրեւ Րեմա՝ յայտնութիւն եւ կու գայ օգնելու Սուրբ Հոգիին սուրին պէս բոլոր հաւատացեալները:

Նախորդ Հրապարակում Խաչին Զօրութիւնը Աստուծոյ Զօրութիւնն է
Յաջորդ Հրապարակում Մինչեւ Երկինքէն Զօրութիւն Ստանաք