Սղ 23-ին մէջ, Դաւիթ կ'ըսէ՝ «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ: Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ: Հոգիս կը նորոգէ: Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ ինծի: Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, վասնզի դուն ինծի հետ ես, քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն: Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւս իմ թշնամիներուս դիմաց. իմ գլուխս իւղով կ’օծես, իմ բաժակս խիստ լեցուն է: Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ» :

Գաւազանը խորհրդանիշ է Յիսուսի խաչին: Դաւիթ կը յիշէ, որ ինչ վիճակի մէջէն որ ալ անցնի, Տիրոջ ցուպը եւ գաւազանը զինք պիտի մխիթարեն: Դաւիթ իր ամբողջ յոյսը Տիրոջմով կատարուելիքին կը յանձնէ: Հաւատացեալը պէտք է նոյնպէս ակնակալէ որ Տիրոջ գաւազանը զինք պահպանէ մահուան ցորին մէ՛ջ իսկ:

Հռ 8.3-ը կ'ըսէ, որ այն ինչ որ մարդը չկրցաւ ընել, Քրիստոս ինք կատարեց, որպէսզի մարդը կարենայ ապրիլ հոգեւոր կեանքը: Քրիստոսի խաչելութիւնը մեզ ազատեց եւ Սատանային համար մենք այլեւս ահպելի եղանք:

Խաչը՝ Աստուծոյ Զօրութիւնը

«Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա» (Ա.Կր 1.18):

Հաւատացեալներու համար, խաչը Աստուծոյ զօրութիւնն է: Երբ Յիսուսի մասին կը խօսինք, պէտք է ակնկալենք, որ Աստուծոյ գործող զօրութիւն մեր մէջ իր տեղը գտնէ:

Մովսէսի օրերուն Եգիպտոսի մէջ կատարուած զոհը պատկերացում մըն էր խաչելութեան, որուն մէջ կը տեսնենք ինչպէս զոհին կատարուիլը ազատեց Աստուծոյ ժողովուրդը եւ դատապարտեց թշնամին: Գերութենէն ելլելէն ետքը, խաչը գործածուեցաւ հաւատացեալներուն կեանքը փոխելու, առաջնորդելու, բժշկելու եւ բոլոր պէտքերը փոխանցելու համար՝

  • Կարմիր ծովէն անցնելու ատեն (Ելք 14.21): Երբ Մովսէս գաւազանը վերցուց, ծովը ճեղքուեցաւ եւ ժողովուրդը ցամաքով անցաւ, ինչ որ օրինակ է խաչի զօրութեան. Յիսուսի յարութեան ատեն, բոլոր ոգեղէն պետութիւնները խայտառակ եղան եւ ամօթով մնացին:
  • Մեռայի ջուրերը թարմացնելու ատեն (Ելք 15.25): Ջուրը մտքի պղտորութեան խորհրդանիշ է. Տէրը խաչը կը գործածէ մեր շունչը մաքրելու համար:
  • Եղիսէի օրերուն կորսուած կացինը գտնելու ատեն (Դ.Թգ 6.6): Երբ փայտը ջուրը նետուեցաւ, կացինին երկաթը ջուրերուն վրայ ծփաց, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէս խաչին զօրութիւնը մեզ մեր ընկղմած վիճակէն կը հանէ:

Յիսուսի խաչելութիւնը դուռ մըն է մահուընէ կեանք երթալու. Բնաւ ցաւալի բան մը չէ, այլ Քրիստոնեային պատիւն է:

Նախորդ Հրապարակում Ենթարկում՝ Ընդդէմ Արգելքի - Մտի՛ր Գեթսեմանիդ (Մատթէոս 26.36-46)
Յաջորդ Հրապարակում Խօսքը եւ Յայտնութիւնը