Յիսուս պատուիրեց, որ մեր ընկերը սիրենք մեր անձին պէս (Ղկ 10.27): Բարեկամը մեր ընկերն է, բայց անիկա նաեւ այն անձն է, որուն հետ կը ծառայենք կամ որուն հետ բարեկամական կապ կը հաստատենք: Երբ մեր ընկերը մեր փափաքած մէկ բանը չընէ, պէտք չէ մեր սէրէն կամ բարեկամութեան զգացումէն պակսի:
Ա. Թգ 30-ին մէջ, Դաւիթ թագաւորի ժամանակ, Ամաղեկացիները յարձակած էին Սիկելակի վրայ եւ Դաւիթի ու անոր մարդոց ընտանիքները գերի տարած էին: Ամենավատ վիճակին մէջ Դաւիթ Տիրոջմով զօրացաւ, յարձակեցաւ թշնամիին վրայ ու վերադարձուց թշնամիին առած աւարը: Դաւիթ իր բերած աւարէն տուաւ նաեւ այն յոգնած մարդոց, որոնք իրեն հետ պատերազմի չէին գացած, մինչ Դաւիթի ընկերակցող բոլոր միւս մարդիկը չէին ուզեր այդ աւարը անոնց հետ բաժնեկցիլ:
Ծառայութեան մէջ կան մարդիկ, որոնք մեզի նման հոգեւորապէս կրնան յառաջացած չըլլալ: Կարեւոր է, որ մենք, Դաւիթի նման, զանոնք բարեկամներ համարենք, որովհետեւ մենք բոլորս, անկախ մեր դիրքէն եւ մեր գործերէն, հաւասար ենք:
Առանց հպարտութեան, երբ յաջողութիւն ունենանք, յիշենք նաեւ մեր ձեռք ձգած բարիքները չունեցողները:
Այն անձը, որ իր շուրջ գտնուող մարդիկը կը բարձրացնէ, ի՛նք կը բարձրանայ: Մեր շուրջ գտնուող մարդոց նայելու մեր ձեւն է, որ մեր աճը կ'որոշէ: