Եզեկիէլ 47-ին մէջ, գահէն ելած ջուրը հետզհետէ շատցաւ մինչեւ որ չորրորդ հանգրուանին մէջ ջուրը ինք սկսաւ Եզեկիէլ մարգարէն առաջնորդել: Եզեկիէլ տեսաւ, թէ ի՛նչպէս գետին ջուրերը մեռածներուն կեանք կու տային: Եզեկիէլ մարգարէութեան մէջ նշուած այդ ջուրերուն օրինակով, մեր կեանքերուն մէջ գտնուող օծութիւնը եւս կը շատնայ, երբ հոգեւորապէս մեռած աշխարհին մէջ ծառայելու գործը յանձն կ'առնենք:

Հաւատացեալը պէտք չէ մնայ «հանգստեան կայարանի մէջ», այսինքն բաւարարուած ըլլայ իրեն շնորհուած բարիքներով եւ օրհնութիւններով, այլ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը պէտք է թարմացնէ եւ խորացնէ՝ ծառայութեան մէջ ըլլալով ու ծառայութեան մէջ զԱստուած փնտռելով:

Բաւարարուած վիճակ ունենալը պատճառ կ'ըլլայ, որ միայն երեւոյթով հաւատացեալներ ըլլանք եւ աստուածպաշտութիւնը մեզի համար հաճելի չըլլայ:

Եղիսէ բնաւ չէր բաւարարուեր, որովհետեւ ան Եղիային օծութեան կրկնապատիկը կ'ուզէր: Ան մերժեց բաւարարուիլ «հանգստեան վայրերով» եւ զԱստուած փնտռելով կրկնապատիկը առաւ, մինչ միւս մարգարէներուն որդիները չառին:

Մեր Աստուածը շատ աւելին է քան մեր ձեռք ձգած յաղթութիւնները, բարիքները եւ օրհնութիւնները: Չսահմանափակենք Աստուծոյ ընելիքները, մերժենք բաւարարուիլը ու Տիրոջ ներկայութիւնը փնտռենք:

Նախորդ Հրապարակում Յիսուսի Արեան Զօրութիւնը
Յաջորդ Հրապարակում Սիրէ՛ Բարեկամդ