Ղուկաս թէեւ Թէոփիլոսին ամէն բան ըսած էր փրկութեան մասին, սակայն զինք արձակելու համար տակաւին կը տեսնէր պակաս մը ՝Սուրբ Հոգիին սպասելը (Գրծ 1.1-5):
Ասիկա կը վերաբերի բոլոր հաւատացեալներուն՝ հաւատքի մէջ պտղաբեր ըլլալու համար: Կարեւոր է Սուրբ Հոգիին խոստումը մեր կեանքերէն ներս ունենանք եւ բոլոր խոստումները վայելենք խոստացուած չափանիշով, եւ ո՛չ ատկէ պակաս:
Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ ջուրով եւ ապա Սուրբ Հոգիով, Ան իր առաքելութիւնը Սուրբ Հոգիով կատարեց: Մենք աւելին պէտք է ունենանք, որովհետեւ Յիսուս Ինք անձամբ արտօնեց, որ Սուրբ Հոգին ստանալէ ետք, Իրմէ աւելին ընենք (Յհ 14.12):
Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը պատմական բան չէ , այլ կու գայ մեզ արձակելու: Մենք կանչուած ենք Սուրբ Հոգիով լեցուելու եւ մեզի վերապահուած իրաւունքը ամբողջութեամբ ապրելու, այս աշխարհին մէջ գործելու համար: