Ա. Կր 14.40-ին մէջ Աստուածաշունչը կը թելադրէ, որ հաւատացեալները ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգով ընեն: Աստուած նաեւ կ'ակնկալէ, որ մենք ծառայենք նուիրումով եւ սրբութեամբ, Յիսուսը ամէն բանէ վեր դասելով:
Հեղի քահանայապետը դատապարտուեցաւ իր սխալ վարմունքին պատճառով, որովհետեւ ան իր որդիները Աստուծոյ սրբութենէն վեր դասեց ու զանոնք չպատժեց իրենց գործած պղծութիւններուն համար:
Անանիա ու Սափիրա եւս պատժուեցան Աստուծոյ սրբութիւնը անարգած ըլլալնուն պատճառով (Գրծ 5.11): Մինչ միւս կողմէն, աշակերտները, որոնք Աստուծոյ սրբութիւնը պահեցին, մեծ օրհնութիւն ստացան: Անոնք մեծ հրաշքներ կը վայելէին եւ փրկուածներուն թիւը կը շատնար (13-14):
Դտ 17-ին մէջ կը կարդանք, թէ ի՛նչպէս մայր մը իր զաւակին՝ Միքային չաստուածներու արձաններ տուաւ: Այսպիսով Միքա աստուածներու տուն մը ունեցաւ եւ այդ տան մէջ քահանայ ըլլալու համար Ղեւտացի մըն ալ կանչեց: Անոր համար կրօնը պաշտօն մըն էր:
Քրիստոնէական կեանքը նուիրում է եւ երբեք պէտք չէ արտօնենք, որ պաշտօնի մը վերածուի: Թող որ հոգեւոր կեանքը մեր ամբողջ կեանքը ըլլայ: