Մինչ աշակերտները զարմացած դէպի երկինք կը նայէին, երբ Յիսուս երկինք կը համբարնար, երկու հրեշտակներ անոնց հարց տուին. «Գալիլիացի՛ մարդիկ, ինչո՞ւ կայնած՝ կը նայիք դէպի երկինք» (Գրծ 1.11): Հրեշտակները կ'ակնկալէին, որ աշակերտները իրենց նայուածքը փոխեն եւ փոխանակ Յիսուսի մեկնումին մասին մտածելու՝ Անոր գալուստը ակնկալեն:

Յիսուս կ'ուզէր, որ աշակերտները Իր խօսքին համաձայն ակնկալութիւն ունենան: Կ'ուզէր, որ անոնք մահէն անդին նայելով, յարութեան վերաբերող բաները փնտռեն:

Այսօր Յիսուս մեզմէ կ'ակնկալէ, որ երբ խաչին նայինք՝ մեր սիրտին մէջ ճանչնանք, որ Ինք յարութիւն առած է եւ ո՛ղջ է: Յիսուս կ'ակնկալէ, որ ճանչնանք ա՛յն յարութեան զօրութիւնը, որ մեր մէջն է եւ իշխանութեամբ գործածենք զայն՝ ճեղքելու համար մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները (Ելք 14.15): Չվախնանք դժուարութեան մեծութենէն, այլ հաւաքով հռչակենք.

«Քանզի ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, 'Ով որ այս լերան ըսէ՝ «Ելի՛ր ու ծովը ինկի՛ր» եւ իր սրտին մէջ չերկմտի, հապա հաւատայ թէ ի՛նչ որ ըսէ՝ կ'ըլլայ, պիտի ըլլայ անոր ինչ որ ըսէ'» (Մր 11.23):

Նախորդ Հրապարակում Տէրը Կ'որոշէ Իմ Սահմաններս
Յաջորդ Հրապարակում Ծառայել Սրբութեամբ, Նուիրումով եւ Կազմակերպուած