Յիսուսի առաքելութեան ձգած տպաւորութիւնը
Շատ կարեւոր է որ մենք տեսնենք Յիսուսի առաքելութեան ձգած տպաւորութիւնը եւ ատիկա նկատի առնենք որպէս հաւատացեալներ, որպէսզի մենք եւս տպաւորութիւն ձգենք մեր առաքելութեան մէջ:
«Ինչպէս որ Հայրը մեռելները կը յարուցանէ եւ կեանք կու տայ անոնց, նոյնպէս ալ Որդին կեանք կու տայ իր ուզածներուն: Եւ Հայրը ոեւէ մէկը չի դատեր, այլ դատելու իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնած է Որդիին» (Յհ 5.21-22):
Այն ինչ որ հօրը մէջ կար, Յիսուս իր կեանքով ցոյց տալ կ'ուզէ: Ասով Յիսուս կը յայտնէ իր Աստուածութիւնը եւ իր իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ իր իրաւունքները:
«Բոլորն ալ վախցան եւ փառաւորեցին զԱստուած ըսելով. «Մեծ մարգարէ մը յայտնուեր է մեր մէջ, Աստուած իր ժողովուրդը փրկելու եկեր է» (Ղկ 7.16) :
Փարիսեցիները եւ Սադուկեցիները կը հալածէին Յիսուսը եւ ամէն տեսակ վատ անուններ կու տային անոր, բայց տակաւին չկրցան արգելք կենալ ժողովուրդին մէջ Յիսուսի ձգած տպաւորութեան:
Յիսուսի Յարութեան Փաստով...
Յիսուս իր Աստուածութեան փաստերը տուաւ նաեւ իր յարութեամբ:
«Բայց որ իբրեւ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ երբ իր Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ մեռելներէն յարութիւն առաւ» (Հռ 1.4):
«Քրիստոսի հետ յարուցանեց եւ անոր հետ միասին ալ երկնքի մէջ նստեցուց մեզ՝ որ Քրիստոս Յիսուսի միացած ենք» (Եփ 2.6):
Այն ինչ որ Յիսուս ըրաւ, նաեւ մեզի ալ տուաւ: Մենք շատ անգամ կասկած ունինք Յիսուսի յարութեան վրայով, մանաւանդ երբ մարդիկ հարց տան թէ ի՞նչ փաստ ունինք այդ մէկուն համար: Ամենէն զօրաւոր փաստը որ ունինք մեր սիրտն է, մեր փորձառութիւններն են: Մենք կը հաւատանք այս ճշմարտութեան եւ անիկա մեր սրտին մէջ շարունակ կը վկայէ:
... Եւ Ստեղծիչ Սուրբ Հոգիին Յիսուսի Փրկագործութեան Յաջորդելովը
Ասիկա կարեւոր կէտ է, որովհետեւ երբ Յիսուս զոհուեցաւ, Սուրբ Հոգին եկաւ ետեւէն: Սուրբ Հոգին նպատակով եկաւ: Ամէն ինչ ընելէն ետք, Յիսուս գործը յանձնեց Սուրբ Հոգիին, որպէսզի Անիկա շարունակէր:
«Եւ մենք բոլորս ալ որ բաց երեսով Տիրոջ փառքը կ'արտացոլացնենք հայելիի մը պէս, նոյն այդ պատկերով կը փոխակերպուինք հետզհետէ աճող փառքով մը, եւ այդ փոխակերպումը Տիրոջ հոգին է որ կ'իրագործէ» (Բ.Կր 3.18):
Երբ Սուրբ Հոգին գայ, մեզ ներսէն դուրս ամէն օր կը փոխէ, ՅԻսուսի նմանութեան հասցնելու համար:
Սուրբ Հոգին մեր մէջ կը բերէ յաղթութեան պատկեր մը՝ «Երբ անիկա գայ, ցոյց պիտի տայ աշխարհը մեղքը, իմ արդարութիւնս եւ չարին դատաստանը: Աշխարհի մեղքը՝ որովհետեւ ինծի չեն հաւատար, իմ արդարութիւնս՝ որովհետեւ ես Հօրը քով կ'երթամ, եւ չարին դատաստանը՝ որովհետեւ Սատանան՝ այս աշխարհի իշխանը արդէն իսկ դատապարտուած է» (Յհ 16.8-9):
Սուրբ Հոգին մեր մէջ երբ կ'աշխատի, կը յայտնէ աշխարհին մեղքը: Երբ յօժարինք ելլել սխալէն, Ան անմիջապէս մեր կեանքերէն ներս կը բերէ Յիսուսի արդարութիւնը: Եւ երբ կը տեսնենք Յիսուսի արդարութիւնը, կը տեսնենք նաեւ Սատանային դատաստանը:
Հաւատա՛ Յիսուսի Անունին
Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոսի մաս կազմել: Երբ Քրիստոսի մարմինին անդամ ես, Անոր հետ կապակցութիւն ունիս, որպէսզի իրապէս վայելես քեզի շնորհուած բարիքները:
«Արդ, դուք Հոգին ստացաք ոչ թէ ծառայ դառնալու եւ դարձեալ վախով ապրելու համար, այլ՝ Հոգին ստացաք Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար» (Հռ 8.15):
Յհ 1.12-ին մէջ կը կարդանք. «Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու»:
«Աստուծոյ որդիները անոնք են՝ որոնք Աստուծոյ հոգիով կ'առաջնորդուին» (Հռ 8.14):
Երբ Սուրբ Հոգիով կ'առաջնորդուինք, Այն ատեն կը փաստենք աշխարհին թէ Յիսուսը իրական է,
- թէ Ան խաչին վրայ մեռաւ, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ,
- երկինք բարձրացաւ եւ գերագոյն զօրութեան աջ կողմը նստեցաւ,
- եւ Սուրբ Հոգին ղրկեց, որպէսզի եկեղեցին շինէ,
- թէ Ան շուտով պիտի գայ:
Շատեր կը փորձեն գտնել փաստեր, որ Յիսուս գոյութիւն չունէր: Շատեր փորձած են Յիսուսի անունը մէջտեղէն վերցնել, բայց չեն յաջողած:
Մենք Յիսուսի դեսպանն ենք մեր տան, շրջանակին եւ գործատեղին մէջ: Սակայն շատ կարեւոր է թէ ի՞նչպէս կը ներկայացնենք Յիսուսը: