Ուխտը երկու հոգիներու կամ խումբերու միջեւ կնքուած համաձայնութիւն մըն է: Ուխտը կատարող խումբերը իրարու հանդէպ պատասխանատուութիւն յանձն կ'առնեն: Մենք Աստուծոյ հետ ուխտ մը կատարած ենք եւ շատ կարեւոր է, որ ատոր բռնուած մնանք եւ ատոր համաձայն ապրինք:
Շատ բաներ կը փորձեն ու պիտի փորձեն մեզ շեղեցնել մեր ուխտէն, սակայն մեր ուխտը մեր զօրութիւնն է եւ կարեւոր է, որ մենք անոր կառչած մնանք:
Սամփսոն ուխտաւոր էր (Դտ 13.1-25): Հրեշտակը անոր մօր պատուիրած էր որ Սամփսոնի մազերուն բնաւ ածելի չդպչի: Մազը չկտրելը օրինակ է ուխտը չկտրելու եւ մեր նուիրումէն բնաւ չշեղելու:
Սամփսոնի զօրութիւնը ուխտին հետ կապուած էր եւ անոր իսկական զօրութիւնը Սուրբ Հոգիէն էր (Դտ 13.25): Տիրոջ ներկայութիւնը իրեն հետ էր՝ թշնամիին դէմ եւ ան մարդկային կարողութենէն վեր զօրութիւն մը կը վայելէր:
Սակայն երբ Սամփսոն իր սիրտը թշնամիին բացաւ, ուխտը կորսնցուց եւ ատոր հետ նաեւ՝ իր ուժը: Անկէ ետք իր աչքերը եւս կորսնցուց եւ մեռաւ: Մենք եւս, մեր ուխտը դրժելով (ուխտազանց ըլլալով), մեր ուժը կը կորսնցնենք եւ անկէ ետք մեր աչքերը կը կուրնան ու վնասներու կ'ենթարկուինք:
Յիսուսի արիւնը նոր ուխտն է, որով մենք կրնանք վերստին սկսիլ Աստուծոյ խոստումները վայելել: Մեր զօրութիւնը Յիսուսի հետ մեր ուխտէն կու գայ: Ուրիշ որեւէ տեղ մեր ուժը չփնտռենք, այլ Աստուծոյ հետ մեր կապը զօրացնենք ու Անոր նուիրուինք որպէս կենդանի զոհեր (Հռ 12.1):