Մենք շատ բաներ գիտենք հոգեւոր կեանքին վերաբերեալ, սակայն շատ անգամ մեր գիտցածներն ու մեր գործերը իրարու չեն համապատասխաներ:
Մտ 19.16-ին մէջ, հարուստ պատանի մը Յիսուսի կը հարցնէ՝«Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ բարի գործ գործեմ, որպէսզի յաւիտենական կեանքը ընդունիմ»: Ան այդ նիւթին շուրջ պէտք եղած գիտութիւնը չունէր եւ կ'ուզէր գիտնալ, թէ ի՞նչ է այն բարի գործը, որով ինք կրնար յաւիտենական կեանք ունենալ:
Այս հարուստ պատանին վարժուած էր ամէն բան դրամով առնելու եւ կը կարծէր, որ յաւիտենական կեանքն ալ կրնար գնել: Բայց Յիսուս իր ակնկալած պատասխանը չտուաւ եւ թելադրեց, որ իր ունեցած հարստութենէն հրաժարի եւ Աստուծոյ վստահի (21): Այն ատեն, պատանին տրտմեցաւ ու ձգեց գնաց: Ան կառչած մնաց իր դրամին եւ մարդկային կարողութիւններուն եւ հաւատքի քայլ չառաւ, այլ՝ մարդկային: Այդ պատճառով էր, որ ան չկրցաւ Յիսուսի հետեւիլ:
Կարեւոր է, որ քննենք մեր անձերը տեսնելու համար, թէ արդեօք Յիսուսի՞ կառչած ենք թէ՝ մեր մարդկային միջոցներուն: Չարտօնենք, որ մեր կեանքերուն մէջ գտնուի բան մը, որուն աւելի կառչած ենք, քան յաւիտենական կեանքը: