Կը զմայլինք մեր Աստուծոյ գործերուն վրայ, երբ հետզհետէ խորանալով աւելի կը ճանչնանք ու կը նկատենք, թէ իրապէս.«[ Յիսուսով] ամէն բան ստեղծուեցաւ, […] ամէն բան անով հաստատ կը կենայ» (Կղ 1.16-17):
Եւ Հռ 1.20- ին համաձայն, «Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ'իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ աստուածութիւնը, որպէսզի անպատասխանի մնան»:
Փրկիչը Հին Կտակարանին Մէջ
Հին Կտակարանին մէջ կան 330 մարգարէութիւններ, որոնք ուղղակիօրէն կ‘անդրադառնան Փրկիչին կեանքին, անձին եւ առաքելութեան:
Համաշխարհային վիճակագրութիւն մը ցոյց տուած թէ անձի մը ամբողջ կեանքին ընթացքին 330 մարգարէութիւններէն միայն ութ հատը կատարուելուն հաւանականութիւնը մէկ առ հարիւր քառիլիոն է (1/100,000,000,000,000,000):
Սակայն Նոր Կտակարանը կը հաստատէ, թէ Տէր Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին 330-ը մէկ առ մէկ կատարուեցան, մանաւանդ մէկ օրուան ընթացքին՝ 21 հատ կատարուեցան:
Ուսումնասիրութիւն Ծննդաբերութեան Մասին
Յունիս 2013-ին, Տէրը յայտնած էր որ ծննդաբերութեան մասին գիտական եւ ֆիզիքական ուսումնասիրութիւն կատարեմ: Այդ ուսումնասիրութեամբ մէջտեղ եկաւ թէ Մարիամ հաւատքով ստացած էր Y chromosome-ը Յիսուս մանուկը ծնելու համար:
Յիսուսի օրերուն, աշխարհի բնակչութիւնը մօտ երեք հարիւր միլիոն էր: Միւս կողմէ, սեռային յարաբերութեան ընթացքին, երեք հարիւր միլիոն սերմեր իգափող կը մտնեն:
Պատահակա՞ն, թէ՝ «Խօսքերու Կատարում»:
Ոչ ոք կրցաւ աշխարհէն անցնելով հասնիլ սահմանուած Կեանքին, բացի Տէր Յիսուսէն, որ ծնաւ կոյսէն եւ ապրեցաւ անմեղութեամբ: Ան մեռաւ մեր փրկութեան համար, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ ու յաղթեց մահուան (ճիշդ ինչպէս դէպի ձուիկ գացող երեք հարիւր միլիոն սերմերէն միայն մէկը կ’անցնի՝ կեանքի համար):
Ան համբարձաւ եւ ապա խոստումներուն համաձայն՝ Սուրբ Հոգին ղրկեց, որպէսզի բոլոր հաւատացողներս կեանք ունենանք՝ վերստին ծնելով: