Մեծ Առանձնաշնորհում
Բոլոր արարածներուն մէջ, միայն մարդուն տրուած առաւելութիւններէն մէկն է, թէ ունի կարողութիւնը փոխուելու :
- Անասունները չեն փոխուիր, եւ միշտ նոյնը կը ծնին
- Կովը-կով, կատուն-կատու
- Մինչ տնանկ մը կրնայ փոխել ինքզինք եւ ըլլալ լաւ շուկայ ունեցող գիրքերու հեղինակ մը, կամ յաջող քաջալերող մը:
- Պատանի մը կրնայ ըլլալ յաջող համալսարանական, արուեստի տէր կամ առեւտրական մը:
- Քաղթական մը, կրնայ հասնիլ նոր երկիր մը, միայն վրայի հագուստներով, բայց կրնայ ըլլալ յաջող եւ ազատիլ աղքատութիւն խոստացող մնայուն բանտէն:
Հասնելու Եւ Փոխուելու Խոր Նուիրում
Dennis Kimbro «Տենիս Գիմպրո», իր «Հարստութեան ընտրութիւնը» գիրքին մէջ, կը շեշտէ, թէ հարստութիւնը շատ քիչ կապ ունի ծնունդի, բախդի կամ պայմաններու հետ, հապա կապուած է.
- Ընտրութեան, փոխուելու նուիրուելէն, կրթութենէն, կարգապահութենէն, ինքնազարգացումէն եւ ծանր աշխատանքէն:
Բնաւ ամօթ չէ աղքատ կեանքի սկիզբ ունենալը, կամ գործ մը ոչինչէն սկսիլը, բայց աղքատ մնալը ուրիշ հարց է եւ ուշադրութեան կարիք ունի:
Մեծ թիւով յաջողակ մարդիկ, իրենց գործերուն սկիզբէն չեն ժառանգած մեծ գումարներ, հապա սկսած են ոչինչէն, բայց աճած եւ յաջողած են բոլորէն շատ աւելի:
- Ուրեմն, կարեւոր չէ, թէ «ուրկէ կու գամ» կամ «Ինչ ունիմ», հապա ի՞նչքան խոր եւ ներքին նուիրում ունիմ փոխուելու:
Մեծահարուստներու Կարճ Ցանկ
Աշխարհի վրայ գտնուող մեծահարուստներուն մեծ մասը եղած են ատեն մը աղքատ: Ներկայ օրերու Bill Gates-էն եւ Warren Buffer-էն շատ աւելի հարուստներ եղած են կանխիկ դրամի հաշիւով:
Andrew Carnegie
- Քաղթած է Pittsburgh Scotland-էն եւ սկսած է աշխատիլ 13 տարեկանին, կտորի ընկերութեան մէջ դերձանը փաթթելու ատեն բռնողի գործով:
- Ան օրական 12 ժամ եւ շաբաթը վեց օր աշխատելով $2 կը ստանար:
- 16 տարեկանին եղաւ հեռագիր- Telegraph-ի պատգամաբեր եւ շատ չանցած եղաւ հեռագիրի գործին պատասխանատուն:
- Աշխատեցաւ շոքեկարքի գիծերու վրայ եւ դարձաւ պատասխանատու եւ քաջատեղեակ գործին:
- 20 տարեկանին, 1800 թուականին, իր մօր տունը գրաւի դրաւ եւ 10 բաժինի բաժնեկից եղաւ Fedex-ին նման ընկերութեան մը մէջ, որ կը կոչուէր Adams Express:
- 30 տարեկանին Պողպատի գործով սկսաւ աշխատիլ
- Աշխարհի ամենամեծ ընկերութիւնը ունեցաւ:
- Անոր կանխիկ դրամը 298.3 միլիար
William Kanar 12 տարեկանին Լեհաստանի փոքր մէկ գիւղէն առնուելով տարուեցաւ Auschwitz մահուան գամբը: Ան վերջին անգամ իր ընտանիքը տեսաւ 1942-ին՝ նախքան սպաննուելնին գերմանացիներուն (նազզիներու) կողմէ:
- Որպէս պատանի ան տեսաւ շատ գէշ բաներ՝
- 1946-ին, 16 տարեկանին հասաւ Միացեալ Նահանգներ, քաղթականներու գամբ
- Ապրեցաւ որբ եւ խնամուեցաւ «Ռոչեսդեըր» ընտանիքին կողմէ:
- Յանրածանօթ մարսողութեան կեդրոնի եւ լեղուցքի հիւանդութեան հիւանդանոցի հիմնադիրն է, որ կը կոչուի Strong Memorial Hospital
Արժեւորէ՛ Եւ Գնահատէ՛ Աստուածատուր Յատկութիւններդ
Դարերու ընթացքին հասկցուած էր, թէ Անգլիոյ ընկերային մակարդակին մէջ, ուր որ ծնէիր հոն կը մեռնէիր:
- Եւրոպայի մէջ, գիւղացի աղջիկ մը, չեր կրնար բնաւ ամուսնանալ իշխանիմը հետ:
- Նոյնն էր Ասիայի եւ Ափրիկէի շրջաններուն մէջ
- Յոյները ճակատագիրը կը տեսնէին ծնունդին մէջ
- Plato եւ Aristotle կը հաւատային, թէ շատեր ծնած են իշխելու, իսկ ուրիշներ ղեկավարելու:
- Հռոմայեցիները նոյնպէս, դերի էին ստորադաս կամ աղքատ մը արժէւորելու եւ բարձրացնելու մէջ:
Վերոյիշեալ սովորութիւններն ու վարժութիւնները ապշեցուցած եւ յուսահատեցուցած էին մարդիկը հոգեպէս եւ մտապես:
- Եթէ չիմանաս եւ չհաւատաս, թէ մարդ արարածը իր բնոյթին մէջ ունի ոյժը եւ իւրայատկութիւնը ամբողջովին ինքզինք փոխակերպելու, դուն քու ճակատագիրդ հաշմանդամ պահած կ'ըլլաս:
- Հրեայ ժողովուրդը Սուրբ Գիրքերէն սորվեցաւ, թէ փոխուիլը, աճիլը, փոխակերպուիլը մարդուն բնական կտակն է:
- Այդ համոզումը ունեցան, տեսնելով, թէ մարդիկ կը փոխուին եւ կ'ըլլան աւելի լաւ, համեստ, զօրաւոր, աւելի ազդու եւ կ'ըլլան յաջողակ:
Օրինակ՝ Աբրահամ, Առաջին Եբրայեցին
Եբրայեցի=lvri, որ կը նշանակէ մէկը, որ «միւս կողմ անցաւ»:
- Աբրահամ գետին միւս կողմը անցաւ, Տիրոջ հնազանդելով:
- Աբրահամ նոր առաջարկը ընդունելով հրաժարեցաւ հինէն:
- Ասիկա շքանշանն էր Աբրահամին,
- Ան կրցաւ փոխել ինքզինք, եւ իր կեանքի հին վիճակէն անցնիլ դէպի միւս կողմը՝ Տիրոջմով առաջարկուած տեղը:
- Ան հաւանաբար անցեալին լման տարբեր կը տեսնէր գետին միւս կողմը:
Ասիկա հաւատացեալներուն յատկանշական նայուածքը պիտի ըլլայ, որ ճանչնան եւ իրենց համար օգտակար միւս կողմը անցնելու որոշումը առնեն, կեանքի տարբեր բաժիններուն մէջ:
Ծն 12.1
«Տէրը ըսաւ Աբրամին. "Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ"»:
Թերեւս շատեր այս առաջարկը ստացան, բայց Աբրահամ յանձն առաւ եւ կատարեց:
Հին կտակարանը հրեաներուն համար սոսկ պատմական գիրքեր չէին, հապա կեանքի գիրք, թէեւ ոչ պէտք եղած ձեւով:
Մեծ Փոփոխութիւնը
Մովսէս (Ելք 3.2-3)
«2Եւ Տէրոջը հրեշտակը կրակի բոցով մորենիին մէջէն երեւցաւ անոր: Անիկա տեսաւ որ ահա մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր: 3Մովսէս ըսաւ "Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ՝ թէ ինչո՞ւ համար մորենին չայրիր"»:
Երբ Տէրը ծառայութեան կանչեց Մովսէսին, ան ըսաւ. (Ելք 4.10) «Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. "Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ"»:
Պահ մը մտածէ, ի՞նչ է արտայայտուելու եւ համոզելով եկամուտ ապահովելու համար լաւագոյն միջոցը: Բերանը:
- Քու խօսելու կարողութիւնդ եւ ազդու կերպով հաղորդակցելու միջոցդ բերանդ է:
- Կրնաս ըլլալ, կարճ կամ երկար, տղայ կամ աղջիկ, սեւ կամ ճերմակ, գեղեցիկ մազերով կամ ճաղատ: Բայց հաղորդակցիլ գիտնալու չափով է, որ առեւտուրի կամ այլ բաներու մէջ յաջողութիւն կը գտնես:
- Մովսէս կ'ըսէ, թէ ճարտարախօս չէր, որ իր յաջողութեան արգելք կրնար ըլլալ
Տիրոջ պատասխանն էր
Ել 4.12
«[…] գնա՛ հիմա ու ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս»:
Ես կուտամ խօսելու կարողութիւնը, միայն թէ ընդունէ փոխուիլ: Ան այս ձեւով պիտի տար Մովսէսին ազատօրէն խօսելու եւ հաղորդակցելու կարողութիւնը:
Մովսէս Եբրայեցիները յաջողութեամբ
- Կ'ազատէ
- Կառաջնորդէ
- Կը սորվեցնէ Օրէնքը
- Կ'արտասանէ անոնց ամբողջ Բ. Օրինացը
Բնաւ չենք լսեր, թէ Մովսէս անկէ ետք խօսելու արգելք ունէր:
- Շատ անգամ մեզ արգիլող արգելքները կ'անհետանան, երբ Աստուծոյ կանչը կ'ընդունինք մեր կեանքը վերակերտուելու համար:
Այո, Փոխուիլը Հեշտ Չէ
Սուրբ Գիրքը կը պատմէ մարդոց մասին, որոնք չկրցան փոփոխութիւն բերել իրենց կեանքերուն: Օրինակ Եղիա:
Աստուած կ'ուզէր, որ ան նախանձոտմարգարէէն եւ ժողովուրդը քննադատելէն փոխուէրեւ ըլլար հեզ ու համեստ մարգարէմը, որ կրնար առաջնորդելԻսրայէլը:
- Աստուած Եղիայի ցոյց տուաւ տարբեր նշաններ, սաստիկ հովով, երկրաշարժով, կրակով եւ մեղմ ձայնով, բայց տակաւին ան չհասկցաւ Աստուծոյ բուն կամքը, այդ պատճառով, Աստուած կ'ըսէ, գնա Եղիսէն քու տեղդ մարգարէ ըրէ:
Փոփոխուիլ Ընդունէ՛ Առանց Դժկամելու
Շատ անգամ տրուած չըլլար, որ մնանք կեանքի այդ վիճակին մէջ, ուր որ հանգիստ ենք կամ ինչ որ ենք:
- Թէեւ կենդանիները անկարող են փոխուելու, բայց մարդ արարածը, շատ անգամ ուրիշ ընտրութիւն չունի, բացի փոխուելու եւ աճելու:
- Շատ անգամ փոխուելու դժկամութիւնը (յօժարութիւն չունենալը) մեզ կը դատապարտէ եւ մեզ ետեւ կը տանի՝ ցախողութեան
(Մտ 7.1)
«Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք»:
Այս համարը կը վերաբերի ուրիշը դատելու, բայց նաեւ դուն քեզ կը դատապարտես, երբ սխալ վերաբերում ունիս քու անձիդ հանդէպ:
Շատ անգամ մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւն մտցնելը ցաւ կը պատճառէ մեզի, այդ պատճառով մարդիկ դժկամութիւն (յօժարութիւն չեն ունենար) կ'ունենան փոխուելու:
Օրինակ՝ Աւելի լաւ է, ամուսնական կեանքին մէջ գտնուող քանի մը դժուար հարցեր լուծել, քան թէ ամուսնալուծում ընել:
Henry Ford-ի մօտել T ինքնաշարժները 1908 թուականին հասան Միացեալ Նահանգներ
- 1914-ին արդէն տարեկան 250,000 ինքնաշարժ կը շինուէր:
- Ասիկա շատ մեծ դժուարութիւն յառաջացուց ձիու ոտքի տակի երկաթը, (պայտը) շինողներուն, կարգ շինողներուն եւ զանոնք վաճառողներուն:
- Այն ատեն 1900 թ. 110,000 հոգի կ'աշխատէին կարգեր շինելու եւ զանոնք նորոգելու մէջ:
- 250,000 երկաթագործեր կ'ապրէին Միացեալ Նահանգներու մէջ պայտ շինելու գործով:
- Հազարաւորներ կ'օգտուէին ձիու աղփ հաւաքելով պարարտացուցիչ շինելէն:
- Մեծ թիւով ինքնաշարժ շինելու գործը դադրեցուց հին գործերը, ձիու պայտ եւ կարգ շինելը:
- Թէեւ շատեր վնասուեցան եւ ստիպուեցան իրենց գործերը փոխել, սակայն շատ աւելի մեծ թիւով աշխատողներու առիթ եղաւ ինքնաշարժի ընկերութիւններու մէջ աշխատելու:
- Իսկ անոնք, որոնք ցաւին եւ վնասին չհանցնուեցան, նոր գործին մէջ բարձրացան:
- Միւս կողմէ շատեր, լուրջ նեղացան, յուսախափութիւն ունեցան, հակառակ խօսեցան, վերջապէս մերժեցին փոխուիլ եւ նոր ընթացքը ընտրել, այդ պատճառովյաչողութիւն չունեցան:
- Բոլորին համար գործ կար, որովհետեւ շատ աւելի (միլիոնաւոր) ինքնաշարժներ եղան:
Ամէն քանդելու, փոխելու, բաժնելու գործողութիւն յառաջ կը բերէ նոր սկիզբ մը՝ աւելի լաւի:
- Ասիկա նոյնն է իբրեւ ազգ, անհատ կամ Աստուծոյ զաւակներ: