"1 Յիսուս իր մօտ կանչեց տասներկու աշակերտները եւ անոնց իշխանութիւն տուաւ՝ պիղծ ոգիները իրենց հնազանդեցնելու եւ մարդոցմէ դուրս հանելու զանոնք, ինչպէս նաեւ բժշկելու բոլոր ցաւերն ու հիւանդութիւնները:"
Տէր Յիսուս իշխանութիւն տուաւ Իր աշակերտներուն եւ մեզի, որպէսզի դեւերը մեզի հնազանդին, հիւանդութիւնները բժշկենք եւ բորոտները մաքրենք:
Այդ իշխանութիւնը երեւելի արտաքին բան մը չէ, այլ՝ կապուած է մեր ինքնութեան հետ:
Յունարէն բառարանին համաձայն, իշխանութիւն բառը «էքսոսի՛ա»ն, որ կը նշանակէ՝ զօրութիւն, միջոց, հրամանագիր, բան մը ընելու իշխանութիւն, ապաւէն կամ հնարք:
Այդ իշխանութիւնը իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի կեանքի մէջ կ'երեւի տարբեր ձեւով: Տիրոջ պատուիրաններուն հետեւելով, մենք կը պահենք ու կը վայելենք մեզի շնորհուած իշխանութիւնը: