Այս հատուածին մէջ, Տէր Յիսուս Իր հետեւորդներուն կը սորվեցնէ ըլլալ խորագէտ եւ նոյն ատեն միամիտ՝ անմեղ: Շատ անգամ օձի պէս խորագէտ ըլլալը կը տեսնուի որպէս ժխտական բան մը, բայց Տէրը կը փորձէ մեզի տալ կարեւոր պատգամ մը, որն է՝ տեսնել դրականը օձի պէս խորագէտ ըլլալուն մէջ: Այդպէս է, որ պիտի յաջողինք ամուր ըլլալ յարձակումներու եւ հալածանքներու ընթացքին:
« Ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ: Ուստի խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս»:
Այդ ձեւով մշակուած հաւատացեալին նկարագիրը պատճառ պիտի ըլլայ, որ բոլոր ազգերուն մէջ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ վկայութիւն տայ (19-20):