Նախորդ գլուխներուն մէջ տեսանք, թէ ի՛նչպէս իւրաքանչիւր հարցի եւ դժուարութեան մէջ Սուրբ Հոգին խրատեց եւ իրմով առաջնորդուող մարդիկը կրցան գործը յաջողցնել:
Սուրբ Հոգիին համար շատ հաճելի է երբ մենք Իրեն հետ կը գործակցինք եւ Իր ձայնը լսելու համար կը կեդրոնանանք: Ան առաքելութիւնը ընդարձակեց (Գրծ 8) եւ շատ մարդիկ փրկուեցան ու բժշկուեցան (Գրծ 9): Հետեւաբար Սուրբ Հոգիին հովանաւորութեան տակ ծառայելը իր պտուղը պիտի բերէ:
Բժշկութիւնները եւ նշանները շարունակ կը յայտնուէին նուիրուած մարդոց կեանքերէն ներս: Մենք եւս, երբ Տիրոջ հանդէպ մեր նուիրումին սահման չենք դներ, ո՛ւր որ մտնենք, հոն տալիք մը պիտի ունենանք: Աւետարանին բարի լուրը տարածել չի նշանակեր միայն քարոզել, այլ՝ կեանքերը փոխող աշխատանք մըն է անիկա: Հաւատացեալը իշխանութիւն ստացած է՝ դիմացինին կեա՛նքը փոխելու:
Սուրբ Հոգիին Որդեգրած Սկբզունքը
Սուրբ Հոգին կը սորվեցնէր ու կը հրաշագործէր Պետրոսի նման անձերու միջոցաւ(Գրծ 5.15, 33, 40):
Պետրոս Սուրբ Հոգիին հնազանդ էր եւ բնաւ զիջումներ չէր ըներ ի հաշիւ սրբութեան: Ան ամէն գնով սրբութիւնը կը պահպանէր (Գրծ 5՝ Անանիա եւ Սափիրա):
Տէրը կը դիտէ եւ կը գործէ այն մարդոց միջոցաւ, որոնք գիտեն «ո՛չ» ըսել մեղքին եւ սուտին: Այդպիսի մարդոց կեանքերով մի՛շտ ալ հրաշք եղած է:
Երբ մեր կեցուածքը պայմաններուն համաձայն չենք փոխեր եւ Տիրոջ փառքին համար Անոր կամքին հակառակ եղող ամէն բանի կրնանք «ո՛չ» ըսել, Սուրբ Հոգին առիթ կը գտնէ մեզմով գործելու:
Պետրոսի Յայտարարութիւնը
Մինչ Պետրոս կը շրջէր եւ Լիւդդիա հասաւ, «հոն մարդ մը գտաւ, որուն անունը Ենիա էր, ութը տարիէ ի վեր մահիճը պառկած անդամալոյծ» (33):
Պետրոս հանդիպեցաւ մարդու մը, որ ամէն բան կորսնցուցած էր եւ ութը տարիէ ի վեր անդամալոյծ պառկած էր: Ենիա կը նշանակէ լաւ, առողջ, գովելի, բայց այս մարդուն միայն իր անունը մնացած էր. Ան կորսնցուցած էր իր առողջութիւնն ու լաւութիւնը:
«Պետրոս ըսաւ անոր. 'Ենիա՛, Յիսուս Քրիստոս քեզ կը բժշկէ. ելի՛ր ու քու անկողինդ շտկէ': Ան ալ շուտ մը ելաւ» (34):
Պետրոս գիտէր, թէ Տէրը ի՛նչ կ'ուզէ ընել: Այդ պահուն Պետրոսի սիրտին մէջինն է, որ դուրս ելաւ եւ գործնական ձեւով երեւցաւ:
Պետրոս յայտնեց այն, ինչ որ Տէրը կ'ընէր: Մենք ալ պիտի յայտնենք այն, ինչ որ Յիսուս մեր գտնուած տեղին մէջ կ'ընէ ու պիտի ընէ:
Պետրոսի յայտարարութենէն ետք կաղ մարդը շուտով ոտքի ելաւ: Պետրոս միայն յայտնեց: Բժշկութիւնը Յիսուսի ընելիք գործն էր: Պետրոս չաղօթեց անգամ:
Մեր ընելիքը միայն յայտնել է: Մեր կեանքերը Յիսուսի փրկութիւնը բուրող կեանքեր պէտք է ըլլան, որովհետեւ երբ մեր կեանքերէն այդ բոյրը ելլէ, հրաշքները մեզի պիտի հետեւին ո՛ւր որ ալ երթանք:
Աւետարանին Ազդեցութիւնը
Այդ դէպքը պատճառ եղաւ, որ Լիւդդիայի եւ Սարօնի բնակիչները Յիսուսի դառնան (35):
Յոպպէյի մէջ կար աշակերտ եղած կին մը, անունը Այծեմնիկ, որ մեռաւ: Աշակերտները Պետրոսին մարդ ղրկեցին, որպէսզի շուտով գայ: Պետրոս շուտով գնաց եւ հոն հասնելով՝ «ծունկի վրայ եկաւ ու աղօթք ըրաւ եւ դէպի մարմինը դառնալով՝ ըսաւ. 'Տա՛բիթա, ելիր կայնէ': Ան ալ իր աչքերը բացաւ ու Պետրոսը տեսնելով՝ ելաւ շիտակ նստեցաւ» (9.40):
Հոս կը տեսնենք երեք կարեւոր կէտեր.
- Երբ Այծեմնիկ մեռաւ, եկեղեցին մերժեց անոր մահը եւ վստահութեամբ ու հաւատքով Պետրոսը հրաւիրեց:
- Պետրոս բնաւ հարց չունէր եւ շուտով ընդառաջեց:
- Սուրբ Հոգին ալ պատրաստ էր...
Երբ մենք պատրաստ ենք բուրելու Սուրբ Հոգիին տուածը, Սուրբ Հոգին իր կարգին բնաւ հարց պիտի չունենայ մեզմով գործելու:
Սուրբ Հոգիին հետ քալելը շատ կարեւոր է: Աստուծոյ խօսքը մեզի խոստումներ կու տայ: Ընդունինք խօսքը եւ տեսնենք, թէ ի՞նչ կրնանք ընել եւ ո՞ր տեղին մէջ փոփոխութիւն կրնանք յառաջ բերել: Ատիկա առիթ պիտի տայ Սուրբ Հոգիին՝ մեզմով գործելու: