Սօղոսի Բծախնդրութիւնը (Գրծ 9.1-2) եւ Աստուծոյ Նայուածքը
Սօղոս շատ բծախնդիր փարիսեցի մըն էր եւ կը հալածէր Յիսուսի հետեւորդները:
Ան ունէր հետեւելու, գտնելու եւ բերելու պարգեւը (Գրծ 9.1-2) եւ Աստուած այդ ձիրքն ու կարողութիւնը առաւ ու գործածեց Իր թագաւորութեան համար:
Աստուած նայուածք մը եւ տեսակէտ մը ունէր, բայց գործը յաջողեցաւ միայն, որովհետեւ կար լսող ծառայ մը՝ Անանիան, որ յանձն առաւ իրեն ըսուածը ընել:
Սօղոսի Դարձը
«Երբ կ'երթար ու Դամասկոսի մօտեցաւ, յանկարծ իր բոլորտիքը երկնքէն լոյս մը փայլատակեց. Եւ ինք գետինը իյնալով՝ ձայն մը լսեց որ կ'ըսէր. 'Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես': Եւ անիկա ըսաւ. 'Ո՞վ ես դուն, Տէր': Եւ Տէրը ըսաւ. 'Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես. Դժուար բան է քեզի խթանի դէմ կից զարնել': Ան ալ դողալով ու ապշութեամբ ըսաւ. 'Տէ՛ր, ի՞նչ կ'ուզես որ ընեմ': Տէրը ըսաւ անոր՝. 'Ելի՛ր ու քաղաքը մտի՛ր եւ քեզի պիտի ըսուի ինչ որ պարտիս ընել'» (Գրծ 9.3-7):
Տէրը նախ հակառակորդին խօսեցաւ եւ ետքը Իր ժողովուրդին.
- Ան Պօղոսին (Սօղոսին) յայտնեց, թէ ան իր նախանձը սխալ ձեւով կը գործածէր եւ այդպիսով զինք դարձի բերաւ (3-4, 5-7):
- Տէրը Ինքզինք ներկայացուց որպէս եկեղեցին: Հալածուող եկեղեցիին հետ կը հալածուի նաեւ Յիսուս (5):
Ատկէ ետք, մարդիկ Սօղոսին ձեռքէն բռնելով զայն Դամասկոս մտցուցին: Երեք օր անոր աչքերը ոչ մէկ բան տեսան:
Պօղոսի սիրտին մէջ նախանձախնդրութիւն կար եւ Աստուած գործածեց ատիկա: Աստուած ուզեց լուծում մը տալ, որպէսզի Պօղոս իր կարողութիւնը Աստուծոյ գործին ենթարկէ:
Աստուած Անանիային Խօսեցաւ
«Անանիա անունով աշակերտ մը կար Դամասկոսի մէջ: Տէրը տեսիլքի մէջ անոր ըսաւ. 'Անա՛նիա': Ան ալ ըսաւ. 'Տէ՛ր, ահա հոս եմ': Տէրը ըսաւ անոր. 'Ելի՛ր ու գնա այն փողոցը, որ Ուղիղ կը կոչուի եւ հոն Յուդայի տանը մէջ փնտռէ Սօղոս անունով Տարսոնացի մը. Վասն զի ահա անիկա աղօթք կ'ընէ. Ու տեսիլքի մէջ մարդ մը տեսաւ Անանիա անունով՝ քովը մտած եւ ձեռքը իր վրայ դրած, որպէսզի տեսնէ'» (Գրծ 9.10-12):
Աստուած Անանիային խօսեցաւ եւ ըսաւ՝ «Ելի՛ր»: Երբ Աստուած «ելի՛ր» կ'ըսէ, տուեալ անձը կը ղրկէ գործը ամբողջացնելու համար: Այդ հրամանին մէջ կար Աստուծոյ նպատակին ուժը:
Հալածողը դարձի բերելու, անոր ուսուցանելու եւ զայն մկրտելու պատիւը տրուեցաւ Անանային (10-11): Անանիա այդ պատիւը ստացաւ, քանի որ Աստուած խօսեցաւ եւ ինք լսեց: Այդ պատճառով է, որ Անանիա աշակերտ կոչուած էր (10):
Անանիային Կասկածն ու Մտահոգութիւնը եւ Տիրոջ Պատասխանը Անանիային ու Եկեղեցիին
Անանիա Տիրոջ յայտնեց իր կասկածներն ու մարդոցմէ լսածները (13-14), բայց Տէրը արդէն իսկ ամէն բան դասաւորած էր:
«Տէրը ըսաւ անոր. 'Գնա՛ դուն, վասնզի անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներրուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ, քանզի ես անոր պիտի ցուցնեմ թէ պէտք է իմ անուանս համար նեղութիւն կրէ'» (Գրծ 9.15-16):
Մենք ալ ըսելիք շատ բան կրնանք ունենալ, բայց բոլորը Աստուծոյ «ելի՛ր»-ին դիմաց պիտի ոչնչանան:
Թէեւ Անանիա աշակերտ էր, բայց անոր միտքը շատ կը տարբերէր Աստուծոյ միտքէն: Կարեւոր է, որ մենք սորվինք մարդոց նայիլ Աստուծոյ աչքով եւ մեր տեսածին կամ լսածին համաձայն չորոշենք մեր ընելիքը:
Աստուած յայտնեց, թէ Ինք մեծ յեղաշրջում մը յառաջ պիտի բերէր Սօղոսի կեանքին մէջ: Տիրոջ ծրագիրը երբեք մեր վախերուն չափով չէ, այլ շատ աւելի խոր է անկէ (16):
Անանիայի Հնազանդութիւնը
Անանիա թէեւ կասկած ունէր եւ ազդուած էր անցուդարձերէն, բայց հնազանդ էր: Ան հնազանդեցաւ Տիրոջ եւ հալածողը որպէս եղբայր ընդունեց Տիրոջմով (17):
Շատ գեղեցիկ է Անանիային սիրտին կեցուածքը, որ կը տեսնենք անոր արտայայտութեան մէջ «Սաւո՛ւղ եղբայր» (17):
Անանիա իր ձեռքը Սօղոսին վրայ դրաւ եւ ան վերագտաւ իր տեսողութիւնը ու մկրտուեցաւ: Սօղոս՝ Պօղոս, եկեղեցիին անդամ դարձաւ (18-19):
Հակառակորդը եկեղեցիին անդամ դարձաւ...Կարեւոր է, որ մեր նայուածքը ճշդենք Տիրոջ նայուածքին համաձայն եւ մեր կեդրոնացումը Տիրոջ կամքը կատարել ըլլայ: Այն ատեն մենք եւս պիտի լսենք Աստուծոյ ձայնը, որ մեզի պիտի յայտնէ մեր ընելիքը: