Անցեալ շաբաթներուն ընթացքին տեսանք, թէ Սուրբ Հոգին ի՛նչպէս կ'աշխատի նուիրուածներուն կեանքին մէջ.
- Տէրը խօսեցաւ Պետրոսին միջոցաւ եւ 3000 հոգիներ փրկուեցան:
- Տէրը խօսեցաւ Փիլիպպոսին եւ ներքինին փրկուեցաւ:
- Հալածանքը սկսաւ, աշակերտները ցրուեցան եւ փրկութիւն ու ուրախութիւն մտաւ Սամարիա քաղաքէն ներս:
- Տէրը խօսեցաւ Անանիային եւ Պօղոսի առաքելութիւնը սկսաւ:
- Բառնաբաս, Տիրոջ կամքին համաձայն շարժելով՝ տեսաւ Պօղոսին մէջ գործող զօրութիւնը եւ միջնորդ դարձաւ՝ժռօ»«.-,՛յձ այդ մէկը եկեղեցիին ճանչցնելու եւ այդպիսով Տէրը բարձրացնելու:
Պօղոս իրապէս նուիրուած էր եւ ատիկա կը տեսնենք իր նամակներուն մէջ, ուր ան կը գրէ Քրիստոսի հետեւելու եւ Անոր նուիրուելու մասին: Մարդիկ չկրցան ընդունիլ Պօղոսի շնորհքը, բայց Բառնաբաս տեսաւ զայն ու Պօղոսը ա՛յնքան բարձրացուց, որ ան իրմէ ալ բարձր եղաւ: Այսպիսով, Սօղոսի կեանքին մէջ սկսաւ իրականալ Աստուծոյ նպատակը, որուն մասին Աստուած յայտնած էր Անանիայի միջոցաւ:
Պօղոսի Գործունէութեան Սկիզբը
- Վարդապետութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է (Գրծ 9.20): Դարձի գալէն անմիջապէս ետք Պօղոս կը քարոզէր իր դարձին մասին եւ զայն վարդապետութեան ձեւով կը ներկայացնէր: Ամէն հաւատացեալ պէտք է տայ իր դարձին վկայութիւնը:
- Լսողները զարմացեր էին (Գրծ 9.21): «Զարմացեր» բառը յունարէն բնագիրին մէջ «existanto» բառն է, որ կը ներկայացնէ մարդուն զգայարանքներով ըմբռնելու կարողութենէն վեր եղող բան մը (հմմտ Մր 2.12, 5.42, 6.51)
- (Հմր 22) Պօղոս հետզհետէ Տիրոջմով կը զօրանար եւ կ'աւետարանէր՝ «պապանձեցնելով» զինք լսող հրեաները: Պապանձեցնել կը նշանակէ շփոթեցնել, աղմուկ յուզել (հրահրել), համախառնել (իրը՝ ուրիշինին հետ), միտքը խռովեցնելով անհանգիստ ընել, նեղը դնել:Պօղոս իր ամբողջ զօրութեամբ բռնուած էր ճշմարտութեան եւ այդ պատճառով է, որ մարդիկ կը պապանձէին: Մարդիկ նոյն վիճակին պիտի մատնուին երբ հաւատացեալը կրակով վկայէ:
- (Հմր 23) Հրեաները ուզեցին զինք սպաննել, որովհետեւ ատիկա իրենց համար միակ լուծումը կը թուէր ըլլալ: Բայց աշակերտները զինք փախցնելու միջոց մը գտան:
Պօղոս եւ Բառնաբաս
Բայց եկեղեցին տակաւին կը վախնար Պօղոսին առիթ տալէ (Գրծ 9.26): Անոնք Աստուծոյ տուած կոչումին դիմաց արգելք կը դնէին՝ իրենց վախերուն պատճառաւ: Անոնց վախը արգելք էր Աստուծոյ խօսքը ամբողջ հեթանոս աշխարհին հասնելուն: Աստուած մա՛րդ կը փնտռէր, բայց անոնք կը նայէին իրենց սեփական մարմնաւոր աչքերով:
Այսօր ալ Աստուած մարդ կը փնտռէ: Մենք ալ շատ անգամ կը վախնանք եւ չենք տեսներ այն բաները, զոր Աստուած կ'ուզէ ընել «Պօղոս»-ներու միջոցաւ, անոնց նկարագիրին պատճառով կամ ուրիշ այլ պատճառներով: Պէտք է Տիրոջ առջեւ կենանք նուիրումով, որպէսզի կարենանք յստակ տեսնել:
Սակայն Բառնաբաս տեսաւ Պօղոսի կեանքին մէջ գտնուող շնորհքը (Գրծ 9.27): Ան տպաւորուեցաւ Պօղոսի նուիրումէն եւ տեսաւ Պօղոսի ձիրքը՝ հեթանոս աշխարհին մէջ ծառայելու համար: Բառնաբաս Պօղոսը իր ծածկոցին տակ առաւ եւ բարձրացուց զանիկա:
Պօղոսի Շրջապտոյտները
- Երուսաղէմ (Գրծ 9.1-2)
- Դամասկոս (Գրծ 9.3-22)
- Արաբիա (Գղ 1.17)
- Դամասկոս (Գրծ 9.23-25: Գղ 1.18-20)
- Կեսարիա (Գրծ 9.30)
- Տարսոն (Գրծ 9.30: Գղ 1.21-24)
Եկեղեցին Անտիոքի Մէջ
Բառնաբաս Անտիոքի մէջ կը ծառայէր եւ յաջողութիւն կը գտնէր: Ան հոգիով լեցուն բարի ուսուցիչ մըն էր, որ առաքեալ ալ կոչուեցաւ (Գրծ 11.19-20):
Տպաւորուած Պօղոսին վկայութենէն եւ իմանալով, որ ան կրնայ յոյներուն մէջ ծառայել, փնտռելով գտաւ զինք (Գրծ 11.25) եւ Անտիոք բերաւ:
Անոնք միասնաբար շատերու սորվեցուցին (Հմր 26). մէկը Աստուծոյ պարգեւը ունէր իսկ միւսը՝ Աստուծոյ պարգեւը ճանչցող էր: Անոնք միասին հիմնեցին Անտիոքի առաջին եկեղեցին:
Աստուած գործածեց Պօղոսն ու Բառնաբասը, որովհետեւ անոնք իրենց եսով չէին ծառայեր, այլ Աստուծոյ թագաւորութեան պէտքերը հոգալու ետեւէն էին: Բառնաբաս ուսուցիչն էր, իսկ Պօղոս՝ իր աշակերտը: Պօղոս բարձրացաւ ու դարձաւ աշակերտ (ուսուցիչ) հեթանոս աշխարհին:
Այս մէկը իրականացաւ, քանի որ Բառնաբաս կրցաւ տեսնել Պօղոսին կեանքին մէջ գտնուող շնորհքը եւ կրցաւ զայն բարձրացնել, գործնականօրէն անոր շնորհքին առիթ տալով:
Երբ ճիշդ ձեւով նայինք, կրնանք մեր ունեցած պարգեւով ուրիշը բարձրացնել: Բոլորս պիտի վարձատրուինք մեզի տրուած կոչումը ի գործ դնելով (կիրարկելով):