Խաչին զօրութիւնը մարդկային զօրութիւն մը չէ, այլ՝ Աստուծոյ իսկ զօրութիւնն է: Կարեւոր է, որ գիտակից ըլլանք եւ ատիկա գործածենք մինչ կու գանք ծառայելու: Պօղոս առաքեալի համար խաչը փրկութեան կորիզն է: Ան կը սորվեցնէ մեր անձը ուրանալ՝ խաչին զօրութիւնը ամբողջութեամբ վայելելու համար: