Ինչո՞ւ կ'աղօթենք: Ի՞նչ է աղօթքին նպատակը, անոր կարեւորութիւնն ու արդիւնքները:Աղօթքը Աստուծոյ նկարագիրը եւ ստորոգելիները կը հռչակէ:
Կ'աղօթենք, որպէսզի Աստուծոյ մօտենանք ու Անոր ներկայութեան կենանք: Կ'աղօթենք Աստուծոյ շնորհած առաւելութիւնները վայելելու եւ իր Սուրբ Հոգիին միջոցաւ Անոր հետ յարաբերութեան մէջ ըլլալու ու զԻնք իբրեւ Հայր ճանչնալու համար: Կ'աղօթենք նաեւ Աստուծոյ ծրագիրները աշխարհին յայտնի դարձնելու համար (Կղ 4.3-4: Բ.Կր 2.14):
Երբ աղօթենք իրապէս զԱստուած փնտռելով, Ան կը պատասխանէ (Սղ 34.18):
Ներքին կորովով եւ հաւատքի ակնկալութեամբ կենանք Տիրոջ առջեւ (Մտ 11.12), մինչեւ որ Աստուծոյ ներկայութեան հասնինք:
Աղօթքի միջոցաւ՝
- Մենք կը ստանանք գերբնական իմաստութիւն:
- Մարդոց աչքերը կը բացուին (Եփ 1.17-18):
- Մեռելներ յարութիւն կ'առնեն (Գ. Թգ 17.17-24):
- Թշնամիին բանակը պարտութեան կը մատնուի:
- Բանտերու դռներ կը բացուին:
- Կապանքներ կը քակուին եւ
- Հրաշալիքներ կը կատարուին:
Աղօթքի զօրութեամբ, երկինքէն զօրութիւն կու գայ եւ Սատանային դիւային ուժերը կը փախչին:
Երբ Աստուծոյ փափաքած ձեւով աղօթենք, երկրաւոր պայմաններուն պիտի յաղթենք: