Այն նիւթին մէջ պիտի տեսնենք յարութեան սկզբունքներուն շարունակութիւնը՝ 19-րդ սկզբունքէն մինչեւ 26-րդը:
- Քրիստոսի միանալով, մե՛նք եւս յարութիւն առինք (Եփ 2.6): Մեղքին պատճառով մենք հոգեւորապէս մեռած էինք եւ Աստուծմէ բաժնուած, բայց Քրիստոսով վերստին ծնունդ ստացանք (Ա.Պտ 1.23) եւ մեր հոգիները կենդանացան (Եփ 2.1): Այսպիսով, Քրիստոսով վերստին Տիրոջ մօտեցանք եւ մեր մարմինները Սուրբ Հոգիին տաճար դարձան (Ա. Կր 6.19-20): Յարութի՛ւնը պատճառ դարձաւ, որ Սուրբ Հոգին մեր մէջ բնակի:
- Յիսուս կ'ուզէր, որ աշակերտները ճանչնան, թէ յարութիւն առած մարմինին վրայ այլեւս մահը չի՛ տիրեր եւ այսպիսով իրենց սiրտին մէջ ճանչնան յարութեան զօրութիւնը: Իր յարութենէն ետք, Յիսուս քանի մը անգամ երեւցաւ աշակերտներուն՝ ցոյց տալու համար, թէ Ինք այլեւս ողջ է (Գրծ 1.3): Պօղոս կրցաւ վկայել, թէ ինք Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռաւ եւ այլեւս Քրիստոս էր, որ իր մէջ կ'ապրէր (Գղ 2.20):
- Մենք Յիսուսով նոր ստեղծագործութիւն ենք եւ կրնանք մեր կեանքերով ուրիշներուն երթալ (Եփ 2.10: Ա. Պտ 2.9):
Այս համոզումով է, որ աշակերտները եկեղեցին ներկայացուցին իր իսկական պատկերով.
- Իբրեւ յարութիւն ստացածներու խումբ մը
- Հրաշքներով
- Միաբանութեամբ
- Անկեղծութեամբ
- Վկայելով Սուրբ Հոգիով եւ առանց վախի
Այն, ինչ որ Յիսուս անցեալին ըրաւ աշակերտներուն կեանքին մէջ, այսօր կ'ուզէ նոյնը ընել մեր կեանքերուն մէջ, Սուրբ Հոգիին եւ խօսքին միջոցաւ: Յարութեան սկզբունքները յանձն առնենք եւ անոնց համաձայն ապրինք՝ ճանչնալով, թէ Յիսուսի յարութեամբ՝ Սատանան խայտառակ եղած է մեր կեանքերուն մէջ (Կղ 2.15):