«Յիսուս անոնց ըսաւ. “Ուրիշ քաղաքներու մէջ ալ պէտք է Աստուծոյ արքայութիւնը աւետեմ, որովհետեւ ճիշդ ասոր համար Աստուած զիս ղրկեց”» (Ղկ 4.43):
«Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք: Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 28.19-20):
Քարոզել բառը, յունարէնով «էվանկելի՛զօ» (εὐαγγελίζω [euaggelizo /yoo·ang·ghel·id·zo/]), կը նշանակէ բարի լուրը բերել, բարի լուրը ցուցունել, բարի լուրը հռչակել, Քրիստոսի փրկագործութեան լուրը հռչակել:
Հին Կտակարանին մէջ կը տեսնենք, թէ այս բառը կը գործածուի ամէն տեսակի բարի լուրի համար.
- Աստուծոյ Թագաւորութեան ուրախ լուրը
- Մեսիային օրհնութիւնը
«Անկէ յետոյ Յիսուս սկսաւ քարոզել ու ըսել. “Ապաշխարեցէք, վասնզի երկինքի թագաւորութիւնը մօտ է”» (Մտ 4.17):
Տէր Յիսուս կը քարոզէր գործերով։ Ղկ 4.38-42-ի մէջ յիշուած հրաշքը երկինքի Թագաւորութեան գործելաձեւը եւ համոզումը ցոյց կու տայ:
«Ժողովարանէն ելլելով՝ Յիսուս գնաց Սիմոնի տունը: Սիմոնի զոքանչը սաստիկ տաքութիւն ունէր եւ կը տանջուէր անկէ: Յիսուսի աղաչեցին որ բժշկէ զայն: Յիսուս անոր մօտ գնաց եւ սաստեց տաքութիւնը: Տաքութիւնը անցաւ, եւ հիւանդը անմիջապէս ոտքի ելլելով՝ սկսաւ սպասարկել անոնց: Արեւնամուտին, բոլոր անոնք որոնք զանազան ցաւերէ բռնուած հիւանդներ ունէին, Յիսուսի բերին: Յիսուս անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ իր ձեռքերը դնելով՝ կը բժշկէր զանոնք: Շատերու մէջէն դեւեր ալ կ’ելլէին, որոնք բարձրաձայն կ’ըսէին. Դուն Աստուծոյ Որդին ես: Սակայն Յիսուս կը սաստէր զանոնք եւ չէր ձգեր որ խօսին, քանի դեւերը գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է: Առաւօտուն Յիսուս ելաւ ամայի վայր մը գնաց: Ժողովուրդը սկսաւ զինք փնտռել: Երբ եկան իր մօտ, չէին ձգեր որ հեռանայ իրենցմէ» (Ղկ 4.38-42):
Տէր Յիսուս կը քարոզէր իշխանութեամբ: Հարիւրապետը ճանչցաւ Յիսուսի թագաւորութեան իշխանութիւնը եւ ակնկալութիւն ունեցաւ (Մտ 8.5-13):
«Երբ Կափառնայում մտաւ, հարիւրապետ մը եկաւ քովը, կ'աղաչէր անոր, ու կ'ըսէր. “Տէ՛ր, ծառաս տունը անդամալոյծ պառկած չարաչար կը տանջուի”: Յիսուս ըսաւ անոր. “Ես կու գամ ու զանիկա կը բժշկեմ”: Հարիւրապետը պատասխան տալով՝ ըսաւ. “Տէ՛ր, ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես. միայն խօսքով հրամայէ ու իմ ծառաս պիտի բժշկուի: Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ մարդ եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ: Ասոր կ'ըսեմ՝ ‘Գնա՛’, ու կ'երթայ. եւ միւսին՝ ‘Եկո՛ւր’, ու կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ 'Այս բանը ըրէ', ու կ'ընէ”: Յիսուս երբ լսեց, զարմացաւ եւ իր ետեւէն գացողներուն ըսաւ. “Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ: Ձեզի կ'ըսեմ թէ արեւելքէն եւ արեւմուտքէն շատեր պիտի գան ու երկնքի թագաւորութեանը մէջ պիտի հանգչին Աբրահամին ու Իսահակին եւ Յակոբին հետ: Իսկ թագաւորութեանը որդիները դուրսի խաւարը պիտի հանուին. Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել”: Յիսուս հարիւրապետին ըսաւ. “Գնա ու ինչպէս դուն հաւատացիր, այնպէս թող ըլլայ քեզի”: Նոյն ժամուն անոր ծառան բժշկուեցաւ» (Մտ 8.5-13):
Տէր Յիսուս կը քարոզէր գունդերով (այսինքն՝ «լեգէոն»):
«Եւ ահա Յիսուսի հետ եղողներէն մէկը ձեռքը երկարեց եւ սուրը քաշելով՝ զարկաւ Քահանայապետին ծառային եւ անոր ականջը կտրեց: Յիսուս ըսաւ անոր. Սուրդ տեղը դիր, որովհետեւ ո՛վ որ սուր կ’առնէ՝ սուրով պիտի մեռնի: Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար Հօրս աղաչել, որ հիմա աւելի քան տասներկու գունդ հրեշտակ ղրկէ ինծի» (Մտ 26.51-53: Հմմտ Մր 1.13):
«Քառասուն օր հոն էր՝ անապատին մէջ՝ Սատանայէն փորձուած եւ գազաններու հետ էր ու հրեշտակները իրեն սպասաւորութիւն կ'ընէին» (Մր 1.13):