Բնաբան Գրծ 28.1-10
Այս պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ մեր շուրջը շատ բաներ կրնան պատահիլ, որոնք սխալ կը թարգմանեն մեր ինքնութիւնը, բայց մենք պէտք է կապուած մնանք մեր Քրիստոնէական ինքնութեան:
«1Ազատելէ ետք իմացանք, թէ կղզիին անունը Մալթա է: Տեղացիները բացառիկ մարդասիրութիւն ցուցաբերեցին մեզի հանդէպ: 2Քանի որ անձրեւ սկսած էր եւ ցուրտ կ'ընէր, խարոյկ մը վառեցին եւ անոր շուրջ ընդունեցին մեզ բոլորս»:
- Դէպի Հռոմ նաւարկութեան ընթացքին փոթորիկի պատճառով բանտարկեալներ կրող նաւը Մելիտէ կամ Մալթա կղզիին ափերը կը հասնի: Բոլորը կ'ազատին, բայց նաւը կը փճանայ եւ կը քայքայուի:
- Բնիկները մեծ մարդասիրութիւն ցոյց կու տան անոնց հանդէպ: - Կրակ կը վառեն եւ կը հոգան անոնց...
«3Պօղոս չոր ճիւղերու խուրձ մը ժողվեց եւ խարոյկին մէջ նետելու վրայ էր, երբ տաքութենէն իժ մը ելաւ խուրձին մէջէն եւ իր ձեռքին փաթթուեցաւ»:
- Մինչ Պօղոս չոր ճիւղերու խուրձ մը ժողվեց եւ կ'ուզէր զանիկա խարոյկին մէջ նետել, իժ մը ելաւ անոր մէջէն եւ անոր ձեռքին փաթթուեցաւ:
«4Տեղացիները երբ Պօղոսի ձեռքէն կախուած իժը տեսան, սկսան իրարու ըսել. “Անպայման մարդասպան մըն է այս մարդը, որ թէպէտեւ ծովէն ազատեցաւ, բայց աստուածային արդարութիւնը թոյլ չի տար որ ողջ մնայ”»:
- Իժը տեսնելով՝ բնիկները ենթադրեցին, թէ ան մարդասպան մըն էր...
«5Պօղոս ձեռքը թափ տալով իժը կրակը ձգեց, առանց վնասուելու, 6մինչ տեղացիները կը սպասէին, որ ուռի կամ յանկարծ իյնայ մեռնի: Բայց բաւական սպասելէ ետք, երբ տեսան թէ անսովոր բան մը չեղաւ անոր, իրենց կարծիքը փոխեցին եւ սկսան ըսել՝ թէ աստուած մըն է»:
- Պօղոս իժը կրակին մէջ թօթուեց, իսկ բնիկները կը սպասէին, որ ձեռքը ուռէր: Բայց երբ երկար ատեն բան մը չպատահեցաւ, անոնք իրենց կարծիքը փոխեցին եւ ըսին, թէ ան «աստուած մըն է»:
- Շատ արագ երկու կարծիքներ արտայայտուեցան. 1) Մարդասպան է: 2) Աստուած մըն է:
- Երկու կարծիքներն ալ մարդասէր բնիկները պայմաններէ մղուած արտայայտեցին եւ անշուշտ սխալ բաներ ըսին: Երկու կարծիքներն ալ շատ հեռու էին բուն իրականութենէն:
Մեր պարագային ալ, մարդիկ կրնան մեր անձը, ինքնութիւնը, բարոյականը, խելքը, հաւատքը մեկնաբանել մեր շուրջի պայմաններէն մղուած, ինչպէս ըրին Պօղոսի: Բայց մեր ինքնութիւնը աշխարհի պայմաններուն համաձայն մեկնաբանելի չէ, հապա՝ զանոնք փոխող է:
«7Այդ տեղին շրջակայքը կային ագարակներ, որոնք կը պատկանէին կղզիի գլխաւորին՝ Պոպլիոսի: Այս մարդը երաշխիք տալով՝ մեզ իր տունը ընդունեց եւ երեք օր սիրով հիւրասիրեց: 8 Պոպլիոսի հայրը հիւանր պառկած էր ջերմով եւ թանչքի ցաւերով: Պօղոս անոր սենեակը մտաւ, ձեռքերը անոր գլխուն դնելով աղօթեց եւ բժշկեց զայն: 9 Ասոր վրայ՝ կղզիին միւս հիւանդները եւս սկսան գալ, եւ բժշկուեցան: 10 Այս պատճառով ալ ամէն տեսակի պատիւներ ընծայեցին մեզի, եւ երբ պիտի մեկնէինք՝ տուին մեզի ինչ որ պէտք էր»:
- Անոնք երեք օր մնացին կղզիի գլխաւորին՝ Պոպլիոսի տունը, որուն հայրը ջերմով եւ թանչքի ցաւերով պառկած էր:
- Պօղոս աղօթեց անոր համար եւ մարդը բժշկուեցաւ:
- Ասոր վրայ՝ շատ հիւանդներ բերին իրեն եւ բոլորն ալ բժշկուեցան:
- Վերջապէս, մեծ պատիւներով պատուուեցան եւ իրենց ճամբու պէտքերն ալ տուին անոնց:
3-էն 6 համարներուն մէջ կը նկատենք, թէ Պօղոս իր Քրիստոնէական ինքնութեան հակառակ երեւոյթներ ունէր դուրսէն. ինչպէս օրինակ՝ բանտարկեալ էր... բայց Քրիստոսի համար:
- Հաւանաբար շատ մը առիթներով՝ մշակութային, ընկերային եւլն. պայմաններու մէջ, դուն քու բուն ինքնութեանդ պատիւը չստանաս կամ նոյնիսկ որոշ երեւոյթներով դատուիս եւ սխալ համարուիս: - Իժը Պօղոսի ձեռքը խածաւ... Ատոր նման դուն ալ կրնաս ունենալ պայմաններ, որոնք ինքնութեանդ հակառակ տպաւորութիւն կը ձգեն մարդոց վրայ, ինչպէս օրինակ. - Եթէ հիւանդութիւն ունենաս, կ'ըսեն, թէ անհաւատ ես: - Եթէ անգործութիւն ունենաս, կ'ըսեն, թէ օրհնուած չես: - Եթէ դժուարութիւն ունենաս, կ'ըսեն, թէ չար մարդ ես: - Եթէ հալածանք ունենաս, կ'ըսեն, թէ ըմբոստ ես:
- Բայց դուն պէտք չէ արտօնես, որ մարդոց տեսածը եւ զգացածը քու ինքնութեանդ երեւոյթէն, արժէքներէն եւ կարողութիւններէն վեր դասուի: - Մի՛ արտօներ, որ ուրիշներու քեզ ստորադասելը քեզ ոտնակոխուած զգացնէ: 1) Դուն շարունակէ ըլլալ Քրիստոսի մասին խօսող. մտիկ մի՛ ըներ մարդոց երբ քեզի ըսեն, թէ «Քեզմէ աւելի մեծ, խելացի, ուսեալ մարդիկը չեն խօսիր, քեզի մնացեր է խօսիլը...» 2) Կամ ըսեն. «Բժշկութիւն իրապէս կ'ըլլա՞յ կը կարծես»:
Ուշադի՛ր. Միտքերը Կրնան Փոխուիլ
«[…] Իրենց կարծիքը փոխեցին եւ սկսան ըսել՝ թէ աստուած մըն է» (հմր 6):
- Մի՛ արօտներ, որ մարդիկ քեզ աստուածացնեն: - Որովհետեւ ատիկա քեզ ստորադասելուն չափ հարց է քու ինքնութեանդ համար եւ քեզ կործանումի կը տանի:
- Յիշէ՛, որ Յիսուսի օրինակով պէտք է ապիրս (կարդա՛ Փլպ 2.5-11):
8-էն 10-րդ համարներուն մէջ կը տեսնենք, թէ Պօղոս իր ինքնութիւնը ապրեցաւ բոլոր պայմաններուն մէջ:
- Բնաւ պայմաններէն մղուած չարտայայտուեցաւ, հապա միշտ կ'ապրէր Յիսուսով ունեցած ինքնութեանը համաձայն:
- Աստուծոյ եւ մարդոց ծառայելով ձեռք բերաւ ամէն օրհնութիւն եւ պատիւ:
Դուն ալ Աստուծոյ եւ մարդոց ծառայելով ձեռք բեր օրհնութիւն, բարիք եւ պատիւ: Պօղոսի նման աստուածային բարիքներ ձեռք բերելէ ետք անգամ տակաւին Աստուծոյ ծառայէ՛ հաւատարմութեամբ. բնաւ մի՛ ծառայեր քու անձիդ եւ բնաւ մի՛ արտօներ, որ շուրջի պայմաններէդ եւ ըսուածներէն ազդուած ձեւով ծառայես, այլ՝ կառչած մնա՛ Քրիստոսով քու ինքնութեանդ: