Ողջը Մեռելներուն մէջ Փնտռել
Ղկ 24.1-8-ին մէջ, երբ կիները գերեզման գացին խունկերով, հրեշտակներուն այնպէս թուեցաւ, թէ կիները ողջը (Յիսուսը) մեռելներուն մէջ կը փնտռէին: Մենք ալ շատ անգամ Յիսուսը մեռելական բաներու մէջ կը փնտռենք, մոռցած ըլլալով, որ Յիսուս յարութիւն առած է եւ մեզի կեանք տուած է:
Շատ կարեւոր է, որ մեր ինքնութիւնը ճանչնանք եւ տեսնենք Յիսուսի տուածը:
Այդ կիները յարգանքի գործ մը կ'ընէին, բայց իրենց ըրածը Քրիստոսով իրենց հաւատքի ըմբռնումին համաձայն չէր, որովհետեւ Յիսուս ըսած էր, թէ երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէր:
Կոտրուած Կապանքները (Ղկ 24.1-4ա)
Յիսուսի գերեզմանը կնքուած էր եւ ո՛չ ոք կրնար բանալ զանիկա: Բայց երբ կիները գերեզման հասան, գերեզմանին կնքուած քարը գլորուած գտան: Ատիկա թշնամիին կոտրուելուն նշանն էր, բայց անոնք տակաւին տարակուսեցան (4):
Կիներուն Տարակուսանքը
Տարակուսանք, յունարէնով «ափորէ՛օ» ἀπορέω [aporeo /ap•or•eh•o/], կը նշանակէ՝
- Կասկածի մէջ ըլլալ
- Չգիտնալ ինչ ընել՝ շուարած մնալ
Թէեւ կիները պատրաստ սիրտ ունէին, բայց այդ օրերու դժուարութիւններուն պատճառով, խօսքը իրենցմէ ծածկուած էր եւ չկրցան եղածը անմիջապէս հասկնալ:
Խօսքը Կը Կրկնուի (Ղկ 24.4բ-8)
Հրեշտակները կիներուն ըսին. «Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն հետ կը փնտռէք. հոս չէ ան, հապա յարութիւն առաւ. մտքերնիդ բերէք թէ ի՛նչ ըսաւ ձեզի, երբ դեռ Գալիլիայի մէջ էր. Որդին Մարդոյ պէտք է որ մեղաւոր մարդոց ձեռքը մատնուի ու խաչը ելլէ ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ»:
Հրեշտակները կրկնեցին Յիսուսի խօսքերը, եւ այսօր այդ նոյն խօսքերը մեզի համար են, որպէսզի սկսինք մղուիլ խօսքին ու խոստումներուն համաձայն:
Հրեշտակներուն խօսքերը հաւատքով ընդունելէ ետք, կիները տեսան Յիսուսը եւ այդ մասին պատմեցին աշակերտներուն (Ղկ 24.10):
Աշակերտները կիներուն ըսածը ցնորական կոչեցին (11), այսինքն՝ պարապ, դատարկ եւ անհիմն:
Յարութիւնը Չճանչնալու Հետեւանքները
Սատանան Ադամի օրերէն տիրապետած էր մարդոց միտքերուն ու կեանքերու, եւ այսօր ալ նոյնպէս կը շարունակէ տիրապետել Յիսուսի յարութիւնը չճանչցողներուն միտքերուն ու կեանքերուն:
Եթէ Յիսուսի յարութեան չհաւատանք, մեր հաւատքը պարապ է (Ա.Կր 15.12-14): Երբ Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը չենք ճանչցած գործնական ձեւով, առիթ կու տանք, որ Սատանան տիրէ մեր կեանքին, ինչպէս անցեալին կը տիրէր (Եփ 2.2-5): Առանց Քրիստոսի յարութեան.
- Բոլոր մարդիկը տակաւին Սատանային կողմէ կառավարուած կեանք մը կ'ապրին:
- Աստուած-մարդ հաշտութիւնը տակաւին չէ կատարուած անոնց կեանքերուն մէջ (Կղ 1.19-20):
Եթէ յարութիւնը չէ եղած, ուրեմն Աստուած ձախողած է:
Յարութեան Բուն Նպատակը
- Աստուծոյ հետ հաշտութիւնը կատարուեցաւ (Եփ 2.11-16):
- Մարդուն հոգին կենդանացաւ (Եփ 2.1), կեանքի կոչուեցաւ (Ա.Պտ 5.10):
- Մարդը շնորհքի տակ եկաւ (Հռ 6.14):
- Մահը պարտութեան մատնուեցաւ (Եբր 2.14):
- Մահուան գերութեան տակ եղողները եւ անոր վախին տակ գերի եղողները ազատեցան (Եբր 2.14-15):
- Սատանան զինաթափ եղաւ (Կղ 2.15):
Յիսուսի յարութիւնը կեանք փոխելու համար է: Աշխարհի վրայ ՆՈՐ ԼԵԶՈՒ մըն է. կը խօսինք բան մը, որ կապուած է երկինքի սկզբունքներուն հետ: