«Իսկ Տիրոջ աշակերտները ուրախութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով կը լեցուէին» (Գրծ 13.52):
Առաքեալը այս համարը կ'արձանագրէ, հալածանքներուն բաժինը ներկայացնելէ ետք: Ան այս ընելով կը ներշնչէ, թէ պայմանները բնաւ վերջնականօրէն արգելք չկրցան ըլլալ աշակերտներուն յանձնուած ծառայութեան:
Երբ Պօղոս կը քարոզէր, շատեր կ'ընդունէին, բայց շատեր ալ՝ ամէն միջոց կը գործածէին թագաւորութեան գործը խանգարելու (Գրծ 13.45, 14.2,18, 17.5,13): Հակառակ արգելքներուն, Սուրբ Հոգին պատրաստ էր ազատելու եւ փրկելու. Պօղոսի գործին միջոցաւ եկեղեցին կը զօրանար հաւատքով ու հաւատացեալները օրէ օր կ'աւելնային:
Հալածանքները միշտ նոյնն են եւ կը կրկնուին: Հալածողը թշնամին է, բայց ծառայութիւնը եւ յաջողութիւնը տուո՛ղը Սուրբ Հոգին է: Երբ Սուրբ Հոգին հաստատէ մեր ծառայութիւնը, որեւէ պայման չի կրնար արգելք ըլլալ ծառայութեան յաջողութեամբ կատարուելուն (Գրծ 16.24-40):