Հնդկաստանի եւ Պարսկաստանի մէջ ծառայած միսիոնար Հենրի Մարթին առիթով մը ըսած է. «Քրիստոսի Հոգին միսիոնարութեան հոգի է եւ որքան Անոր կը մօտենանք, այդքան ծայրայեղ միսիոնար մը պիտի ըլլանք»:
Քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքը առաքելութիւն մըն է, իսկ յաջողութեան բանալին՝ ծոմով ու աղօթքով Սուրբ Հոգիով առաջնորդուիլն է:
Առաջին եկեղեցին Տիրոջ կամքը կը փնտռէր ծոմով ու աղօթքով, իսկ Տէրը՝ ծառայութեան դաշտին մէջ իրենց ծառայութիւնը կը հովանաւորէր (Գրծ 13.1-8):
Այսօր ալ, մինչ Տիրոջ կամքը կը փնտռենք ծոմով, աղօթքով ու պաշտամունքով, պիտի ըլլան հակառակորդներ եւ դժուարութիւններ: Ի՞նչպէս Աստուած մեզ կը պատրաստէ դէմ դնելու համար թշնամիին՝ Սատանային: