«Մինչ անոնք կ'ուտէին, Յիսուս հացը առաւ օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. “Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս”: Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ. “Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասնզի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար»:
Նոր Ուխտը միայն արիւնին թափուիլը չէ, այլ խոստացուած յարութիւնը ապրիլը:
- Յիսուսի արեան ուխտով, մենք յարութիւնը ապրելու կանչուած ենք (Հռ 6.4-8):
- Եփ 1.18-21-ին համաձայն, նոր ուխտով՝ Քրիստոսի միանալով, մեր մէջ կը բնակի յարութեան զօրութիւնը...«Որպէսզի սրտերնուդ աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՞նչ է անոր ձեզ կանչելուն յոյսը ու ի՞նչ է անոր ժառանգութեանը փառքին ճոխութիւնը սուրբերուն մէջ եւ ի՞նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ իր կարող զօրութեանը գործադրութիւնովը, որ Քրիստոսին վրայ ի գործ դրաւ, երբ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց ու նստեցուց իր աջ կողմը երկնքի մէջ ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ եւ ամէն անունի վրայ որ կը տրուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա գալիքին մէջ ալ»:
Անշուշտ բաւարար չէ ըսել, թէ յարութիւն առած ենք եւ կամ խոստումներ ունինք, որովհետեւ պատմութիւնը եւ Աստուածաշունչը զայն ապրելու մասին ակնարկութիւն կ'ընեն... (Եփ 2.9-10 Ն.Թ.)
Ամարնա-յի գրութիւններուն մէջ կը գտնենք Ուխտի եւ համաձայնագրութեան օրինակներ, որոնք կը կատարուին մեծ եւ փոքր թագաւորներու միջեւ, որոնք մեզի կու տան Եզ 16.6-14-ի լաւագոյն պատկերը:
Թագաւորներու միջեւ կատարուող ուխտերը շատ մեծաշուք կը կատարուէին եւ շատ կարեւոր կը նկատուէին, ամէն անգամ որ կը կատարուէին:
- Թագաւորները իրենց ուխտերը կը հաստատէին զոհի միջոցաւ: Կիսուած զոհին շուրջ կը շրջէին 8-ի ձեւով եւ կը հռչակէին:
- Միասին հաց կը բեկանէին...
- ...Եւ գինի խմելու արարողութիւն կ'ըլլար:
Քանի որ հում միս ուտելը եւ արիւն խմելը ընդունուած չէր շատ մը մշակոյթներու մէջ, հաց կը բեկանէին եւ գինի կը խմէին, որպէս նշան անոնց քով մարմինն ու արիւնը մէկ ըլլալուն: - Անուններու Փոխանակում
Փոքր թագաւորին անունին վրայ կ'աւելնար մեծ թագաւորին անունը եւ անոր անունին հետ նաեւ կը յիշուէր մեծ թագաւորին անունը, ինչ որ պատճառ կ'ըլլար որ մեծ թագաւորին տրուած յարգանքը տրուի նաեւ փոքր թագաւորին անունին եւ անձին: - Հագուստներու Փոխանակում
- Զէնքերու Փոխանակում
Մեծ թագաւորը փոքր թագաւորին կը յանձնէր իր սուրը եւ այսպիսով անոր կողքին կը դնէր իր զօրութիւնն ու իշխանութիւնը: Փոքր թագաւորը այլեւս մինակ պիտի չըլլար իր պատերազմներուն մէջ, այլ մեծ թագաւորին բանակն ու զօրքերը իր կողքին պիտի պատերազմէին: - Թագաւորները ուխտի անձնական կնիք կը դնէին: Անոնք իրենց դաստակները դանակով կը պատռէին եւ իրարու վրայ սեղմելով մէկ արիւն ունենալնին կը հռչակէին...
- Անոնք նաեւ իրարու արձաններ տալով ուխտի հանրային նշաններ կու տային իրարու: