Երբ Սուրբ Հոգին կը խոստանայ, նաեւ կատարելու կը ձգտի: Բայց խոստումը իրականանալուն բանալին Խօսքին կառչիլն է:
Սուրբ Հոգին Ղրկելու Խոստումը եւ Անոր Կատարումը
«Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գրծ 1.8): Երբ աշակերտները վերնատան մէջ կեցած էին նուիրումով, Սուրբ Հոգին հանգչեցաւ անոնց վրայ եւ առաջին եկեղեցիին գործը սկսաւ:
Գրծ 1.8-ի խոստումին համաձայն, անոնք վառեցին ամբողջ աշխարհը: Մենք ալ կրնանք աշխարհը վառել Սուրբ Հոգիով, որովհետեւ Թագաւորութեան գործը տակաւին կը շարունակուի այսօր մեզմով:
(Գրծ 2.12) Մարդիկ շուարած էին եւ կը սքանչանային, որովհետեւ այդպիսի խանդավառութիւն եւ նշաններ չէին տեսած: Իսկ ուրիշներ կը ծաղրէին եւ կ'ըսէին, թէ գինով էին:
Պետրոսի Պատգամը Սուրբ Հոգիով
Անկէ ետք Սուրբ Հոգին Պետրոսին միջոցաւ առաջին քարոզը տուաւ:
«Այս ձեզի յայտնի ըլլայ ու ականջ դրէք իմ խօսքերուս» (14): Պետրոս շեշտեց, թէ բան մը կար, որ պէտք էր նկատի առնէին որպէս անձնական գիտութիւն:
Ան ըսաւ, թէ լեզուներով խօսողները գինով չէին, այլ՝ թէ իրենց տեսածը Յովէլի մարգարէութեան կատարումն էր՝ «Հապա ասիկա այն օրն է որ Յովէլ մարգարէին միջոցաւ ըսուեցաւ. “Եւ պիտի ըլլայ որ վերջին օրերը, կ'ըսէ Աստուած, իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան ու ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն եւ իմ ծառաներուս ու իմ աղախիններուս վրայ ալ այն օրերը իմ Հոգիէս պիտի թափեմ եւ պիտի մարգարէանան”» (հմր 16-18):
- Թափել բառը կը նշանակէ՝ առատօրէն բաժնել: Աստուծոյ փափաքը Իր Հոգին ամէն մարմինի վրայ թափել է:
- «Մարգարէանալ» բառը կ'ակնարկէ պղպջալով մէջէն բան մը ելլելուն: Կը նշանակէ նաեւ՝ մէկու մը փոխարէն շրթունք ըլլալ: Աստուած կը յայտնէ, թէ Իր զաւակները իրենց կեանքերով Իրեն տրամադրուած պիտի ըլլան եւ Իրմէ պիտի ստանան (տեսիլքով) ու տպաւորուին:
- Աստուած կը խոստանայ Իր Հոգին թափել աղախիններն ու ծառաներուն վրայ: Աղախինները եւ ծառաները կը սեպուէին անպէտք անձեր եւ յետիններէն կը դասուէին: Բայց Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը այդ մակարդակներու օտար հասկացողութիւնը կ'ոչնչացնէ եւ մարդոց միջեւ հաւասարութիւն կը բերէ:
«Վերը երկինքը հրաշքներ պիտի ցուցնեմ ու վարը երկիրը՝ նշաններ, արիւն ու կրակ եւ ծուխի մառախուղ. արեւը խաւարի պիտի դառնայ եւ լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջը երեւելի օրը չեկած» (հմր 19-20): Այս մարգարէութիւնը կ'ըսէ, թէ միւս իշխանութիւններուն լոյսը պիտի խաւարի:
Պատգամին Արդիւնքը
Պատգամին շարունակութեան մէջ Պետրոս առաքեալ խօսեցաւ փրկութեան եւ յարութեան մասին՝ հաստատելով մարգարէութիւնները: Ան յայտնեց, թէ իրենց ըրածը վկայութիւն էր (հմր 32):
«Երբ ասիկա լսեցին, իրենց սրտերու մէջ զղջացին եւ ըսին Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն. “Մարդիկ եղբայրներ, ի՞նչ ընենք”: Պետրոս ըսաւ անոնց. “Ապախարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք”» (հմր 38):
Մարդոց սրտին մէջ Աստուծոյ խոստումներուն կատարման գիտակցութիւնը արթնցաւ եւ ճանչցան, թէ՝ ի՞նչ է կատարուածը:
Պետրոս՝ Սուրբ Հոգիով, գիտցաւ անոնց պէտքը եւ բացատրեց, թէ իրենց հետ պատահածը մարգարէութիւններուն կատարումն էր: Երբ Պետրոս ապաշխարութեան պատուէր տուաւ, 3000 հոգի ընդառաջեց (հմր 41):
Կարեւոր է, որ մենք եւս ճանչնանք, թէ մարդոց ծառայութիւն ըրած ատեն, վկայելու յատուկ ձեւ մը չկայ, զոր կրնանք սորվիլ. պէտք է պարզապէս սորվինք ի՛նչպէս Սուրբ Հոգիով առաջնորդուիլ, որովհետեւ Սուրբ Հոգին է, որ կը սորվեցնէ ի՛նչպէս խօսիլ իւրաքանչիւր պարագայի մէջ:
Հաւատացեալներուն Կեանքը (Գրծ 2.43-47)
- «Ամէն մարդու վրայ վախ ինկաւ» (հմր 43):
- Ամէն բան հասարակաց էր հաւատացեալներուն միջեւ, եւ Յիսուս կը տիրէր անոնց կեանքին վրայ (հմր 44):
- ԶԱստուած պաշտելու մէջ միաբան էին (հմր 46), եւ իրենց աստուածպաշտութեամբ ժողովուրդին առջեւ շնորհք կը գտնէին (47):
- «Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ'աւելցնէր եկեղեցիին» (47բ):
Հակառակ հալածանքներուն, եկեղեցին կը շատնար: Այսօր եւս Աստուած ծրագիր ունի եւ զանիկա իր լրումին պիտի հասցնէ: Որքան կառչինք Աստուծոյ Խօսքին, այդքան Իր գործին մէջ բաժին պիտի բերենք: