Այս հատուածին մէջ պիտի տեսնենք նոր տաճարին օրինակը, զոր Սուրբ Հոգին ուզեց յայտնել: Մինչ Սուրբ Հոգին կը տեսնէր արգելքներ, Ան ծառայողները կը ներշնչէր, որպէսզի գործը կատարեն. Սուրբ Հոգին ներկայ աշխարհին կ'ուզէր ներկայացնել եկեղեցին եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը:
Սուրբ Հոգիին յայտնած նամակը այսօր շատ կարեւոր է ընդհանրական եկեղեցիին համար:
Հին Տաճարէն Դէպի Նոր Տաճարը
Օր մը Պետրոս եւ Յովհաննէս տաճար գացին (Գրծ 3.1): Հոս կը խօսի հրէական տաճարին մասին, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը կար: Տաճարին ծէսերը իրականութեան մէջ կը խօսէին Քրիստոսի փրկագործութեամբ ըլլալիքին մասին եւ տաճարը կը ներկայացնէր փրկութեան ծրագիրը եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը: Հետեւաբար, երբ մէկը տաճար երթար, իր զգացումները Աստուծոյ սկզբունքին համաձայն պէտք էր ըլլային, բայց սովորութիւնները փոխուած էին:
Սուրբ Հոգին նոր տաճարը յայտնելու (երեւան հանելու) աշխատանքին մէջն էր: Այսօր իսկական տաճարը Սուրբ Հոգիին տաճարն է, այսինքն՝ մենք:
Սուրբ Հոգին կ'ուզէր հին տաճարը փոխարինել նորով՝ քալող եկեղեցիով:
(Գրծ 3) Ի Ծնէ Կաղին Բժշկութիւնը
«Հոն իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած մարդ մը կը բերէին եւ ամէն օր տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը դնէին, որպէսզի տաճարը մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէ» (Գրծ 3.2):
Այս մարդը ի ծնէ կաղ էր եւ չէր կրցած կեանքի բարիքները վայելել: Ասիկա բնաւ Աստուծոյ կամքը չէր եւ Աստուծոյ կամքին միջամտութեան կարիքը կար:
Տաճարին դուռը, փոխանակ մուրացկանութիւնը կոտրելու կեդրոն մը ըլլար, դարձած էր մուռացկանութեան կեդրոն մը: Այս մարդը կ'աղաղակէր, որպէսզի Պետրոսն ու Յովհաննէսը ողորմութիւն տան իրեն (3): Մինչ ի ծնէ կաղը ողորմութիւն խնդրելու իր բնական ընթացքին մէջ էր, ան հանդիպեցաւ Աստուծոյ նոր տաճարին՝ Պետրոսին ու Յովհաննէսին, որոնց միջոցաւ Սուրբ Հոգին նախանձախնդիր էր ժողովուրդին վիճակը փոխելու:
Սուրբ Հոգիին Կեդրոնացումը
Սուրբ Հոգին չուզեց, որ անոնք սովորական մարդոց պէս արտաայայտուին (վարուին), որովհետեւ իրենց շնորհուած ինքնութեան համաձայն անոնք չէին կրնար ողորմութիւն տալով մարդը աղքատութեան մէջ ձգել: Իրենց գործը այդ մէկը ընելէն շատ աւելին էր:
Պետրոս, Սուրբ Հոգիին նպատակէն եւ փափաքէն մղուած, ըսաւ. «Մեզի՛ նայէ» (4): Մինչ մարդը տակաւին ողորմութիւն կը յուսար (5), «Պետրոս ըսաւ.'Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն քեզի կուտամ: Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունով ելի՛ր ու քալէ՛» (6): Պետրոս եւ Յովհաննէս դրամ ունէին (քանի որ հաւատացեալներուն միջեւ ամէն բան հասարակաց էր), բայց դրամն ու արծաթը մարդուն բուն պէտքը պիտի չտային (չգոհացնէին):
Սուրբ Հոգիին նպատակը Աստուծոյ սկզբունքներուն համաձայն մարդուն կեանքը լիովին փոխել էր: Պետրոս անոր բո՛ւն պէտքը տուաւ եւ այդպիսով անոր յայտնած եղաւ, թէ ան, Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած ըլլալով, շատ աւելիին կանչուած էր:
Յիսուս Ազատ Արձակեց Մարդը Նոր տաճարին Միջոցաւ
Պետրոս եւ Յովհաննէս ներկայացուցին նոր տաճարը եւ Աստուծոյ թագաւորութեան ռազմավարութիւնը, թագաւորութիւն մը, որ կը կոտրէ դեւերուն իշխանութիւնը, որպէսզի Աստուծոյ կամքը երեւելի ըլլայ բոլոր մարդոց կեանքին մէջ:
«Անոր աջ ձեռքէն բռնեց ու վերցուց զանիկա ու իսկոյն անոր ոտքին թաթերը ու կոճերը զօրացան» (7): Մարդը քալելով ու ցատկելով տաճար մտաւ եւ տեսնողները ապշեցան այդ եղած բանին համար (9-10):
Յիսուս ցոյց տուաւ ճշմարիտ տաճարին եւ Աստուծոյ թագաւորութեան էութիւնը (բուն էութիւնը, ճշմարիտ բնոյթը):
Սուրբ Հոգին այսօր քու միջոցովդ կ'ուզէ թագաւորութիւնը ներկայացնել: