Աստուածաշունչը կ'ըսէ, թէ երբ լեզուներու պարգեւով կը խօսինք, Աստուծոյ հետ կը խօսինք եւ մէկը մեզ չի հասկնար: Երբ կը սկսինք լեզուներով խօսիլ, օծութեան տակ կ'ըլլանք եւ կը նշմարենք որ բառերը մեր մէջէն կ'ելլեն հրաբուխի նման ու շնչառութիւնը կ'արագանայ: Ներշնչումն ու արտաշնչումը բնա՛ւ օտար չեն մեզմէ կամ Սուրբ Հոգիին գործելակերպէն (Ծն 2.7: Յհ 20.22: Եզ 37.1-10: Սղ 147.18) եւ շնչառութեան արագանալը նշան է Սուրբ Հոգիին ներգործութեան:
Ընդհանրապէս տառերու հնչումը կ'ըլլայ թոքերուն մէջ գտնուող օդը դուրս փչելով, իսկ լեզուներու պարագային՝ նոյնը կը կատարուի Սուրբ Հոգիով:
Պարգեւը իրմէ ակնկալուած գործը մէջդ կատարելու համար կ'անցնի հաւատքիդ եօթը հանգրուններէն.
- Օծութիւն, լեզուներու պարգեւ
- Զգացում, պռկում
- Վստահութիւն
- Արձակում, հոսանք
- Օրհնութիւն
- Սէր
- Ծառայութիւն
Ամէն օր լեզուներով խօսիլը կը շինէ մեզ, որպէսզի որպէս երկնքի թագաւորութեան զաւակներ կարենանք Աստուծոյ թագաւորութիւնը երկրի վրայ ներկայացնել:
Աստուած երկինքի թագաւորութեան մասին իր փափաքը կ'արտայայտէ (Ելք 19.6): Ան իր ժողովուրդին կը խոստանայ երկինքի օրեր երկրի վրայ (Բ.Օր 11.21): Խոստումը կատարուեցաւ Քրիստոսով (Ա.Պտ 2.9), եւ բոլոր անոնք որոնք Խօսքը՝ Յիսուսը կ'ընդունին, այդ թագաւորութեան ներքեւ են եւ այդ թագաւորութեան անդամ են (Եփ 2.19-22):
Երկինքի Թագաւորութիւնը մեր կեանքերէն ներս կը հաստատուի խօսքով եւ Սուրբ Հոգիով (Մտ 12.28): Թագաւորութիւնը հոգեւոր է եւ ունի բազմաթիւ խոստումներ, որոնք կը վերաբերին ֆիզիքական մեր կեանքերուն:
Թագաւորութիւնը յաղթո՛ղ է Քրիստոսով եւ բոլոր անոր միացածները յաղթողներ են (Ա.Կր 15.25): Թագաւորութիւնը մեր մէջն է եւ ո՛չ թէ տեղի մը մէջ (Ղկ 17.20-21):
- Սուրբ Հոգիին գործը Մեր մէջ - Սուրբ Հոգիին ամէն օր մեզ կը փոխակերպէ եւ մարմնաւորէն հոգեւոր կ'ընէ (Հռ 8.5-8: Բ.Կր 3.17-18): Ամէն Քրիստոնեայ՝ Քրիստոսով Սուրբ Հոգիին հետ կը գործակցի երկնային նպատակին համար, եւ երբ Սուրբ Հոգիին անդաստանին մէջ կը ցանէ՝ ան «յաւիտենական կեանք» պիտի հնձէ (Գղ 6.8):
- Խօսքը հաւատքով՝ կեանք կը բերէ: Խօսքը (Յհ 1.1, 14) մարդացաւ եւ մարմին առաւ. Ան Աստուած է, բայց մարդու պէս ապրեցաւ: Երբ խօսքը կ'ընդունինք հաւատքով, մեր կեանքին մէջ մարմնանալու իրաւունք կը ստանայ:
Աստուծոյ խօսքը կու գայ նպատակով (Ես 55.8-11): Խօսքը եւ Հոգին միասին կու գան (Ա.Թս 1.5, 2.13) եւ յաւիտենական կեանք կը բերեն (Յհ 6.63):
Երբ Աստուծոյ խօսքը կը հռչակուի, Սատանան կը վռնտուի (Մր 1.23-28) եւ երբ հաւատքով Անոր բռնուինք ու հնազանդինք, հրաշք կը կատարուի (Մտ 14.13-2, 17.24-27) - Գերբնական պարգեւները (Ա.Կր 12.7-11) կը գործեն հաւատացեալներուն մէջ: Որպէս թագաւորութեան զաւակներ, պէտք է ակնկալենք զանոնք, որպէսզի Աստուած գործածէ մեզ իր թագաւորութեան գործին մէջ: Լեզուները դուռ են (Գրծ 10.46) պարգեւներուն: