Յյտ 2, 3
Եօթը եկեղեցիները այդ օրերուն գտնուող եւ զանազան շրջաններու ու մշակոյթներու ու սովորութիւններու մէջ գտնուող եկեղեցիներն էին: Այդ եկեղեցիները կը գոյատեւէին այդ ժամանակուան ազդեցութիւններուն տակ, ինչպէս՝ մշակութային, դիւային, քաղաքական եւլն:
Եկեղեցիներուն ուղղած Իր նամակին մէջ Յիսուս երեք հիմնական բաներու մասին կը խօսի. Իր ինքնութեան, եկեղեցիներուն ընթացքին եւ իրենց վիճակէն ելլելու մասին:
- Եփեսոսի եկեղեցիին կը յայտնէ, թէ իր առաջին սէրը ձգած է:
- Զմուռնիայի եկեղեցին լաւ ընթացք ունէր եւ այդ պատճառով միայն կը յորդորէ զայն:
- Պերգամոնի Եկեղեցիին կը յայտնէ, թէ Բաղաամի եւ Նիկողոսեաններու սովորութիւններուն եւ վարդապետութեան հետեւորդներ ունի:
- Թիւատիրի եկեղեցիին կը յայտնէ, թէ Յեզաբէլը որպէս մարգարէուհի ընդունիլը սխալ է:
- Սարդիկէի եկեղեցիին կը յայտնէ, թէ ինքնախաբէութեան մէջ է: Կը կարծէ, թէ ողջ է, բայց իրականութեան մէջ մեռած է:
- Ֆիլատելֆիայի եկեղեցիին կը յայտնէ, թէ ամէն բանալի, որ դուռ մը կը բանայ կամ կը գոցէ Յիսուսի ձեռքն է, եւ պէտք է Անոր վստահիլ:
- Լաւոդիկէի եկեղեցիին կը յայտնէ, թէ գաղջ է. հարստութեան վրայ դրած է յոյսը:
Նամակները գրելը լրացնելէ ետք, Յովհաննէս լսեց ձայնը, որ կ'ըսէր «հոս ելիր...» (Յյտ 4.1):
Ապագայ կատարումի կարծիքը ընդունողները (futurists) կ'ըսեն, թէ ասիկա կը վերաբերի այդ ժամանակին, որ եկեղեցին պիտի յափշտակուի (rapture) երկինք, եւ այդ օրերուն երկրի վրայ եօթը տարի նեղութիւն պիտի ըլլայ:
Չորրորդ գլուխին մէջ շատ յստակ է, որ միայն Յովհաննէս երկինք յափշտակուեցաւ եւ ո՛չ եկեղեցին: Ապագայ կատարումի կարծիքը ընդունող ուսուցիչները կը հոգեւորացնեն, կ'այլաբանեն եւ առասպելական կը դարձնեն նախադասութիւնները:
Յյտ 4-ի Տեսիլքը - Գահին Սենեակը
Յյտ 4.2-ին մէջ Յովհաննէս տեսաւ Հայր Աստուած, որովհետեւ քանի մը համար ետք, Յյտ 5.7-ին մէջ, Յիսուս կը մօտենայ Աստուծոյ, որ նստած էր գահին վրայ:
Հոն տեսաւ 24 երէցներ, որոնք Աստուծոյ գահին չորս կողմը նստած էին: Յյտ 4.8-ին մէջ Յովհաննէս մեծապէս հիացած էր, երբ տեսաւ լոյսի ճառագայթները եւ փայլակի ձայները նաեւ գահին չորս կողմը գտնուող չորս կենդանի արարածները, որոնք կ'ըսէին «[...] Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր Ամենակալ, որ էր եւ որ է եւ որ պիտի գայ»:
Այս բաժինին նայելու ձեւէն կախեալ է ամբողջ յայտնութեան նկատմամբ մեր համոզումը կամ տեսակէտը: Որովհետեւ այսուհետեւ մենք Յովհաննէսի նայած տեղէն՝ երկինքէն եւ հոգեղէն աշխարհէն պիտի նայինք ֆիզիքական աշխարհին:
Չորրորդ գլուխէն սկսեալ Յովհաննէս եղելութիւնները կը դիտէր եւ կը լսէր երկնաւոր շարժաբանութեան (dynamics) մէջ, որ իր դրսեւորումը պիտի ունենար երկրաւոր պայմաններու մէջ:
Յյտ 5-ին մէջ՝ Յիսուս Արժանի Է Գիրքը Բանալու
Կնիքը ցոյց կու տայ, թէ տակաւին բացուած չէ:
Պէտք չէ նայինք դատաստաններուն որպէս թէ դատաւոր մը ոճրագործ մը կը պատժէ, հապա որպէս թէ թագաւոր մը իր թագաւորութեան ընդարձակուելուն մասին կը յայտնէ: Թագաւորին կամքը հաստատուելու համար արձակուած թագաւորական հրամաններ եւ հրովարտակ է:
Կնիքները քակելու ժամանակը հասած էր. պարզապէս քակելու համար «արժանի» մէկու մը կարիքը կար: Յյտ 5-ը կը յայտնէ, թէ այդ «արժանին» մորթուած գառնուկն էր, Յուդայի առիւծը: Ան առաւ գիրքը հօր ձեռքէն:
Յայտնութիւն 6 – Աստուծոյ Բանակը՝ Պատերազմի Համար Շարուած
Յիսուս կնիքները մէկ առ մէկ կը քակէ: Առաջին չորս կնիքները հրամանով արձակուած ձիեր են, որոնք Աստուծոյ առջեւ կու գան, եւ իւրաքանչիւրին տրուած է կործանելու զօրութիւն:
- Ճերմակ ձին յաղթող էր:
- Կարմիր շարագոյն ձին աշխարհին խաղաղութիւնը առնելու իշխանութիւն ունէր:
- Սեւ ձին ապրուստ, պաշար եւ ուտեստեղէն ձեռք բերելու դժուարութիւնը կը բերէ:
- Դեղին ձին սուրով, սովով, մահով ու երկրի գազաններով կը սպաննէ:
Ապագայ կատարումի կարծիքը ընդունողները (futurists) 6.1-ին մէջ ըսուած «եկուր ու տես»ը կը բացատրեն այնպէս, թէ Աստուած իրապէս աշխարհի վրայ կործանում կ'արձակէ:
Իրականութեան մէջ, այդ ձիերէն որեւէ մէկը աշխարհ չի գար: Անոնք իրենք զիրենք Աստուծոյ առջեւ կը ներկայացնեն: «Եկուր» ըսուած է, որպէսզի ներկայանան, ոչ թէ աշխարհ գալու համար, հապա երկնքի մէջ իրենց տեղը առնելով իրենց իշխանութիւնը գործի լծելու համար:
Նման է անոր, որ երբ պարզ թագաւոր մը իր բանակը շարքի կը կեցընէ պատերազմի համար, անոնք «կը սպասեն»:
Սպասելու միտքը կը հաստատուի, երբ կը կարդանք Յյտ 6.10-ը, ուր կանուխէն զոհուածները կը հարցնեն, թէ Աստուած ե՞րբ իրենց արեան վրէժը պիտի լուծէ:
Յայտնութիւն 6 – Վեցերորդ Կնիքին Կոտրուիլը (6.12-14)
Մենք արդէն ըսինք, թէ արեւ, լուսին, եւայլն, իշխանութիւններու այլաբանական բացատրութիւններ են: Այս բաժինին մէջ կը տեսնենք, թէ այդ իշխանութիւնները Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կը շարժէին:
Յայտնութեան մէջ երկրաշարժի մասին ակնարկութիւնը կը նշանակէ, թէ Աստուած կը միջամտէ, հաստատուած իշխանութիւնները կը հանէ եւ Իր իշխանութիւնը կը հաստատէ (հմմտ Եբր 12.26-28):
2000 տարի առաջ Յիսուս երկինք համբարձաւ, եւ այդ մասին Պետրոս կը մէջբերէ Սաղմոսէն եւ Տիրոջ խօսքերէն ըսելով. «Վասնզի Դաւիթ երկինք չելաւ, բայց ինքկ'ըսէ. ‘Տէրը իմ Տիրոջս ըսաւ, նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’» (Գրծ 2.34-35):
Իսկ Յովհաննէս, գահին սենեակին մէջ ըլլալով, Աստուծոյ այդ խոստումը կատարուած կը տեսնէ: Աստուծոյ հրովարտակը կ'արձակուի: Ձիերը կը շարուին. պատերազմի պատրաստ են: