Հաւատացեալներս կանչուած ենք Որդիին հաղորդակից դառնալու: Վստահի՛նք Աստուծոյ պարգեւած շնորհքներուն եւ լա՛ւ բռնուինք Յիսուս Քրիստոսի առաքելութեան հաղորդակից դառնալու կոչին (Ա.Կր 1.7-9):
Մենք ունինք խոստումը Յիսուսի նման գործելու՝ «Լա՛ւ գիտցէք, թէ ով որ ինծի կը հաւատայ՝ պիտի կատարէ ինչ որ ես կ'ընեմ եւ անոնցմէ աւելին ալ պիտի կատարէ, որովհետեւ ես Հօրս քով կ'երթամ» (Յհ 14.12):
Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, զոր պէտք է գործածենք (Հռ 12.6) հասարակաց օգուտին համար (Ա.Պտ 4.10: Ա.Կր 12.7-11):
Աշխարհը ունի զանազան բացատրութիւններ Յիսուսի փրկարար առաքելութեան մասին եւ կը մերժէ խոստովանիլ, թէ Ան Տէ՛ր է: Պարգեւները կը յայտարարեն Յիսուսի տիրութիւնը. Սուրբ Հոգին ինը շնորհքներ կու տայ եկեղեցիին, անոնցմով ծառայելու եւ աշխարհին ճշմարտութիւնը յայտնելու համար, որպէսզի «... ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս «Տէր» է, Հայրն Աստուածը փառաւորելու համար» (Փլպ 2.11):
Բնական է, որ որպէս բազմատեսակ պարգեւներու տնտեսներ (Ա.Պտ 4.10) ուզենք գիտնալ մեր շնորհքը եւ անմիջապէս ատիկա գործի լծել: Երբ յաջողինք մեր տաղանդները Աստուծոյ համար գործածել, ա՛յն ատեն կը սկսինք աճիլ եւ գերբնականով հովանաւորուիլ: Այդ մէկուն համար պէտք ունինք մեր կեանքերէն ներս առնելու Աստուծոյ ծառայելու օրինակը:
Բոլոր շնորհքները Աստուծոյ կը պատկանին (Ա.Կր 12.8-10) եւ Անոր զօրութեան կ'ակնարկեն, բայց մարդը փրկելու ընթացքին Աստուած անոնցմէ ո՛չ մէկը գործածեց: Ան Իր սիրովը ստեղծեց մարդը եւ նոյն սիրով եկաւ ու փրկեց զանիկա (Յհ 3.16):
Շնորհքները օգտակար ձեւով գործածելու համար, Պօղոս առաքեալ կը շեշտէ, թէ բանալին սէրն է (Ա.Կր 13.1-3): Ան կ'ուզէ, որ հաւատացեալները նախքան շնորհքները խնդրեն, ձգտին ունենալ շնորհքները հրաւիրող եւ զանոնք գործածել գիտցող բեղմնաւոր սիրտ մը:
Ծառայութիւնը սիրով կատարելով Աստուծոյ կը միանանք (Ա.Յհ 4.12-13) եւ կրնանք մեր ծառայութիւնը ընդունողներուն հանդէպ ունենալ անսակարկ սէր եւ զոհողութիւն յանձն առնել:
Աստուած կ'ըսէ, թէ մեզ յաւիտենական սիրով սիրեց (Եր 31.3) եւ բարիք ընելով մեզի համար պիտի ուրախանայ (Եր 32.41): Այդպիսի անսակարկ սէրը ինքզինք զոհելու գիտակցութիւնը կ'ունենայ (Յհ 10.11-13, 15.13):
Մեր սէրը քննելու եւ չափելու համար, առաքեալը հոգեւոր ինքնամարզութեան փորձ մը կու տայ մեզի՝ «Սէր ունեցողը համբերատար կ'ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ: Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ'ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ'ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ'ըլլայ ճշմարտութեան: Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա.Կր 13.4-7):
Կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ (Ա.Յհ 4.18), անվախճան է (Ա.Կր 13.8), մինչ բոլոր միւս բաները վերջ պիտի գտնեն: «Ուրեմն սիրոյ հետամուտ եղէք» (Ա.Կր 14.1):