Հաւատացեալները պէտք է իրենց սիրտի՛ն մէջ ճանչնան Յիսուսը եւ ոչ թէ պարզապէս գիտութիւն ունենան Անոր մասին: Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք մարդոց մասին, որոնք մեր գիտակցութեան տասը տոկոսը չունէին բայց սքանչելիքներ եւ հրաշքներ կը վայելէին:
Յիսուսի բերին մարդ մը, որուն մէջ դեւ մը մտած եւ զայն համր դարձուցած էր (Մտ 9.32-34): Դեւը բռնած էր այս մարդուն խօսելու կարողութիւնը: Թշնամին այսօր կ'ուզէ մեր կեանքերէն ներս որեւէ ձեւով գործել՝ իր նպատակները իրականացնելու համար: Ան կ'ուզէ մեր սիրտին մէջի փափաքը մեռցնել, վախ դնել, Աստուծոյ մասին խօսելու ախորժակը կտրել, եւայլն: Այս բոլորը կրնան ազդել մեր վրայ եթէ ներքնապէս ճանչցած չենք Յիսուսը, իրեն հետ ժամանակ անցընելով:
Այս համարին մէջ գործածուած «բերին» բառը յունարէնով «բրոսբէրօ» բառն է, որ կը նշանակէ՝ առաջնորդել, բերել մէկու մը քով որ բժշկելու եւ ողորմելու կարողութիւնը ունի ու կրնայ դատել, ինչպէս նաեւ ձեռք երկնցնել, օգնութիւն հարցնել ու պտուղ տալ: Հետեւաբար, երբ մեր անձը կամ մէկը Յիսուսի քով կը բերենք, ակնկալութեամբ պիտի գանք եւ ո՛չ պարտականութեամբ, գիտնալով թէ Յիսուս ունի մեր չունեցածը եւ թէ Ինք բժշկելու ու ողորմելու կարողութիւնն ու փափաքը ունի: Երբ Յիսուսի քով կու գանք, մուռացկանի պէս չերթանք, այլ երթա՛նք հաւատքով, երեւակայելով կատարուելիքը, ճանչնալով Անոր մեծութիւնը, կարողութիւնն ու ողորմածութիւնը:
Երբ այս մարդիկը դիւահարը Յիսուսի քով բերին՝ Սատանան վռնտուեցաւ, հիւանդութիւնը փարատեցաւ եւ մարդը խօսելու սկսաւ: Ժողովուրդը զարմացաւ, որովհետեւ Իսրայէլի մէջ այդպիսի բան չէր տեսնուած:
Այս մարդիկը, որոնք դիւահարը Յիսուսի մօտ բերին, մաքրուած չէին Յիսուսի արիւնով, վերստին ծնած չէին եւ Սուրբ Հոգիով լեցուած չէին: Եթէ Յիսուս այս մարդոց այդպէս ըրաւ, ինչքա՛ն աւելի պիտի ընէ մեր կեանքին (Հռ 8.32):
Թէեւ Փարիսեցիները գիտէին, թէ Յիսուս Աստուծմէ էր, բայց սուտեր տարածեցին ըսելով, թէ Ան դեւերուն հետ աշխատող է: Յիսուս հալածուեցաւ, եւ մե՛նք ալ պիտի հալածուինք:
Տիրոջ բռնուած մնանք մարդոց մերժումին դիմաց: Յիսուսի քով երթանք ճանչնալով, թէ Անոր իշխանութիւնը աւելի բարձր է քան Սատանայինը եւ թէ Ան մեզ հանեց խաւարի իշխանութենէն (Կղ 2.12-13):