Յիսուսի նպատակը հոգեւոր արթնութիւն բերել եւ Քրիստոնեային կենցաղը Աստուծոյ սկզբունքներուն վրայ հիմնելն էր:
Յիսուս կը խօսի շնութեան մասին: Շնութիւնը.
- կ'ակնարկէ ամուսնացածներուն, որոնք բացի իրենց կողակիցէն յարաբերութիւն կ'ունենան նաեւ ուրիշի մը հետ:
- Կ'ակնարկէ նաեւ անոնց որոնք իրենց կիներուն միջոցաւ կ'առաջնորդուին կռապաշտութեան:
- կը նշանակէ նաեւ ուտել բան մը, որ նուիրուած է կուռքերուն, այսինքն՝ ուտել «դեւերուն կերակուրը»:
Դաւիթի կեանքին օրինակով, շնութիւնը թագաւորութիւններ կը քանդէ (Բ. Թգ 11—12): Շնութիւնը շատ դառն բան մըն է, որմէ պէտք է զգուշանանք:
Յիսուս կ'ըսէ, թէ ցանկութեամբ նայողը արդէն իսկ կը շնայ (28): Յիսուս այսպիսով ցոյց կու տայ, թէ շնութիւնը արտաքին բան մը ըլլալէն անդին է եւ կը սկսի սիրտին մէջ եւ սիրտին ներքին մղումէն:
Յիսուս նաեւ կը զգուշացնէ գայթակղութեան հոգիէն: Գայթակղութիւն, Յունարէնով «սքանտալիզօ», կը նշանակէ.
- Մերժել ճանչնալ իշխանութիւնը կամ անոր համաձայն չըլլալ:
- Չվստահիլ մէկու մը, որուն կը վստահէինք կամ անկէ հեռանալ:
- Ճամբու վրայ գտնուող արգելք, որուն վրայէն երբ քալենք՝ կ'իյնանք:
Թշնամին գայթակղութեան հոգիին միջոցաւ կ'աշխատի, որպէսզի Աստուծոյ իշխանութիւնը մերժենք, Անոր չվստահինք ու Իրմէ հեռանանք:
Յիսուսկը պատուիրէ մեզմէ անջատել մեզ գայթակղեցնող անդամը (30):
Այս ուսուցումով, Յիսուս շեշտ կը դնէ մեր մարմինը Տիրոջ նուիրուած ու մաքուր պահելուն վրայ: Ան կ'ուզէր Քրիստոնեային նուիրումը հարազատ եւ ազդու դարձնել, որովհետեւ միայն ա՛յն ատեն է որ որեւէ բան չի կրնար մեզ զրկել Աստուծոյ երեսը տեսնելէն: