Մտ 5.17-20-ին մէջ,Յիսուս կը խօսի Օրէնքին կատարուելուն կարեւորութեան մասին: Մտ 5.21-26-ին մէջ,Յիսուս աւելի ընդարձակ կերպով կը խօսի Օրէնքը եւ մարգարէութիւնը ճիշդ ձեւով կատարելու մասին: Ան ուսուցում կու տայ բարկութեան մասին:
Յունարէնով բարկութիւն բառը Օ՛րկիզօ բառն է,որ կը նկարագրէ զգացական անհաճոյ պահ մը,զոր մարդը կ'ունենայ երբ չար բան մը պատահի:
Յիսուս բարկութիւնը կը կապէ սպաննութեան հետ (21), ակնարկելով բարկութեան ներքին մղումին: Բարկութիւնը մեր բնութեան դիւրազգաց մէկ բաժինն է, ինչպէս սէրը, եւ կրնանք շուտով ազդուիլ բանէ մը ու գրգրուիլ: Բարկութիւնը անպայման մեղք չէ, բացի երբ ըլլայ առանց պատճառի, չափազանցուած կամ երկար ատեն ձգուի (Մտ 5.22: Եփ 4.26: Կղ 3.8): Երբ բարկութիւնը պահենք մեր մէջ, պիտի ըսենք ու ընենք անհաճոյ բաներ, որոնք կրնան սպաննել դիմացինը հոգեւորապէս՝ մեր խօսքով ու վարմունքով: Կրնանք նաեւ անէծք հասցնել ու յուսահատեցնել:
Սխալ բարկութիւնը արգիլուած է եւ մարմնաւորին կը պատկանի (Գղ 5.20): Ինքզինք բարկացած պահելը յիմարի արարք է (Առ 12.16,14.29, 27.3), ըստ Աստուածաշունչին: Բարկութիւնը նաեւ կապուած է հպարտութեան (Առ 21.24) եւ վայրագութեան (Առ 27.4) հետ:
Այս բոլորը կ'աշխատին մեր ինքնութեան դէմ: Թշնամին պիտի օգտագործէ բարկութիւնը եւ մեր շրթները,փոխանակ օրհնութիւն խօսելու,բարկութեան պտուղները դուրս պիտի բերեն (22):
Նախքան որ հոն հասնի,Յիսուս կ'ուզէ որ գիտակից ըլլանք եւ մեր հոգեւոր վարմունքը որոշենք:
Մեր սրտին բարկութեամբ լեցուիլը Աստուծոյ մօտենալու ամենամեծ արգելքն է (23-24): Ճանչնանք մեր սրտին թագաւորը եւ ամէն միտք Անոր ոտքերուն բերենք (Բ. Կր 10.4-5): Յօժար ըլլանք անոր հանդիպելու, առանց մեր բարկութեան: