Այս հատուածով, Յիսուս կը յայտնէ իր սիրտին կեցուածքը: Ան ցոյց կու տայ, թէ Ինք ի՛նչ յարաբերութիւն ունի Աստուծոյ Խօսքին եւ Օրէնքին հետ:
Յիսուս յանձնուած էր օրէնքին եւ մարգարէներուն բոլոր ըսածներուն: Ան կը խօսի կատարելու եւ ո՛չ շրջանցելու մասին (17)՝ «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէներըաւրելուհապա՝ կատարելու»:
Օրէնքը տրուեցաւ մեղքը ճանչցնելու համար եւ առանց անոր ոչ ոք կրնայ մեղքը գիտնալ (Հռ 5.13): Յիսուս եկաւ օրէնքը կատարելու եւ Ինքզինք Աստուծոյ ծրագիրին յանձնեց: Ան Սուրբ Հոգիին վստահեցաւ եւ քալեց մարգարէութեան մէջ:
Մարդկային բնութիւնը տկար է օրէնքը կատարելու համար: Ուստի Աստուած իր Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի Ան մեղքը Իր վրայ առնելով զայն Իր մարմինին մէջ դատապարտէ, որպէսզի մենք կարենանք գործադրել Օրէնքին բոլոր պահանջքները(Հռ 8.1-4):
Այսօր մենք օրէնքը չենք կատարեր զոհեր ընելով, այլ մեր սիրտին մէջ Յիսուսի հաւատալով եւ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ Աստուծոյ Խօսքին համաձայն ապրելով (Հռ 12.1-2):
Յիսուս յայտնեց, թէ Օրէնքին նոյնիսկ ամենէն փոքր տառն ու նշանագիրը անգամ պիտի չփոխուին: Աստուծոյ կողմէ տրուած պատուէրները ճիշդ ձեւով կատարելն է, որ կ'որոշէ թագաւորութեան մէջ մեր տեղը, դիրքը եւ վիճակը:
Օրէնքը եւ հաւատքը մեր սեփական կաղապարէն չանցընենք: Խօսքը ընդունինք այնպէս, ինչպէս որ է՝ երկինքի թագաւորութեան կեանքը զօրութեամբ ապրելու համար: