Մտ 6:1-4-ին մէջ, Յիսուս կը խօսի տալու մասին: Յիսուս կ'ուզէ, որ ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլանք եւ Ան մեզմէ կ'ակնարկէ յարաբերութիւն Աստուածպաշտութեան մէջ, նիւթական բաժիններուն մէջ եւ ուրիշներուն հետ: Այս բաժիններուն մէջ, Փարիսեցիները անկեղծ չէին եւ կրօնը կը գործածէին՝ մարդոց կողմէ գովասանք ստանալու համար, եւ ո՛չ թէ Աստուծմէ վարձատրուելու համար:
Յիսուս կը յայտնէ, թէ ճշմարիտ ողորմութիւնը կը բխի մարդուն սիրտէն (1): Հաւատացեալները պէտք է քննեն իրենց անձերը՝ տեսնելու համար թէ՝ արդեօք անկե՞ղծ են: Յիսուս նաեւ կը պարզէ, թէ ողորմութիւնը մեր արդարութիւնն է, այսինքն անկեղծութեամբ ապրելու մեր չափանիշը:
Աստուծոյ զաւակները կը ճանչնան արդարութիւնը եւ անօթի ու ծարաւ կ'ըլլան անոր համար (Մտ 5.6) : Ողորմութիւն ընենք Աստուծո՛յ փառքին համար, եկեղեցիին օգուտին համար եւ ո՛չ թէ մեր անձնական գովասանքին համար:
Յիսուս նաեւ կը խօսի ողորմութիւնները Աստուծոյ հաճելի ձեւով ընելու մասին (2-3): Փարիսեցիներուն համար, աղքատին օգնելն ու աղօթելը շատ կարեւոր կրօնական սկզբունքներ էին: Յիսուս չի դատապարտեր այս սովորութիւնները, բայց կը զգուշացնէ Աստուծոյ եւ մարդոց հաճութիւնը շահելու նպատակով ողորմութիւն ընելէն: Յիսուս կ'ակնարկէ կեղծաւորութեան, որ յունարէն բնագիրին համաձայն կ'ակնարկէ «դիմակ հագնող դերասանի մը» կամ մէկու մը, որ կրօնը կը գործածէ իր անձնական շահին համար:
Մտ 6.3-4-ին մէջ, Յիսուս կը պարզէ, թէ մեր կեդրոնացումը մեր ներքին աշխարհին մէջ ճշմարտութիւնը գործադրելու վրայ պէտք է ըլլայ: Յիսուս անպայման չ'ակնարկեր ամէն բան գաղտնի պահելուն, այլ կը զգուշացնէ, թէ երբ մենք մարդո՛ց ցոյց տալու նպատակով կ'ընենք, մեր վարձատրութիւնը միայն մարդոցմէ պիտի գայ:
Բայց երբ մենք ճիշդ ձեւով տանք՝ «յայտնապէս հատուցում» պիտի ստանանք Տիրոջմէն (4):