Յիսուս կը սորվեցնէ, որ հաւատացեալին խօսքը ըլլայ իր ինքնութեան համաձայն, եւ ոչ թէ օգտագործուած կամ շահագործուած: Պէտք է մեր «այո»-ն «այո» ըլլայ եւ «ոչ»-ը՝ «ոչ» (Մտ 5.33-37):
Աստուած երրորդ պատուիրանին մէջ կը խօսի Աստուծոյ անունով պարապ տեղ երդում ընելու մասին (Ելք 20.7): Անուն բառը կու գայ եբրայերէն «շէմ» բառէն, որ նաեւ կը նշանակէ նկարագիր: Հետեւաբար երբ Աստուծոյ անունով երդում կ'ընենք, մենք կը կապուինք Անոր նկարագիրին, սրբութեան ու արդարութեան հետ:
Մարդիկ ժամանակի ընթացքին յառաջ բերած են երդումի զանազան ձեւեր եւ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Աստուած այսպէս կամ աւելի ընէ ինծի» կամ «Եթէ սուտ եմ, Աստուած ինծի չօգնէ»: Շատեր այս խօսքերով իրենց վրայ անէծք կրնան բերած ըլլալ:
Պէտք չէ Աստուծոյ անունը գործածենք մեր անձնական շահերուն համար: Սուտ երդում ընելով, Աստուծոյ անունը կը պղծենք (Ղւ 19.12) եւ Սղ 24.4-ին համաձայն, պարապ կամ սուտ երդումը հաւասար է անսուրբ ձեռքի եւ սիրտի: Նաեւ կը նշանակէ Աստուծոյ հանդէպ յարգանք չունենալ:
Սակայն ամէն երդում մեղք չէ եւ ըստ Բ. Օր 6.13-ին, Աստուծմէ վախնալը, զԱստուած պաշտելը եւ երդում ընելը համահաւասար բաներ են:
Հաւատացեալը ունի պատասխանատուութիւնը կատարելու այն ինչ որ իր բերնէն կ'ելլէ (Թւ 30.2), ըլլայ այդ խոստումը Աստուծոյ ուղղուած ըլլայ կամ մարդոց: Երդում ընելով մենք զմեզ պարտական կը դարձնենք թէ՛ մարդոց եւ թէ՛ Աստուծոյ:
Երբ «այո՛» ըսենք, թող «այո»-ին համաձայն ալ գործենք..