Հին Կտակարանին մէջ Աստուած կու տայ սորվեցնելու պատուէրը (Բ. Օր 6.4-9):
Աստուած կ'ըսէ՝ «Ով Իսրայէլ, մտի՛կ ըրէ. Մեր Տէր Աստուածը մի միայն՝ Տէր է: Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ. Եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր»:
Յիսուս այս համարը կը մէջբերէ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ (Մտ 15.19), շեշտելով, որ հաւատացեալը պէտք է զԱստուած պաշտէ իր սիրտին բոլոր բաժիններով, եւ ոչ միայն մասամբ: Հաւատացեալը ամբողջութեամբ նուիրուած պէտք է ըլլայ, ինչպէս նաեւ իր զաւակներուն սորվեցնէ, որպէսզի անոնք ալ իրեն նման Աստուծոյ նուիրուած ըլլան:
Աստուած նաեւ կը պատուիրէ որ հաւատացեալը Աստուծոյ խօսքը ամէն ատեն խօսի իր զաւակին՝ թէ՛ տան մէջ նստած ատեն, թէ՛ ճամբան քալած ատեն եւ թէ՛ պառկելու եւ ելլելու ատեն (Բ. Օր 6.7):
Սորվեցնելու համար, կարեւոր է նախ ծնողը գիտնայ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը: Յիսուս կ'ակնկալէ, որ իր հետեւորդները իր մասին գիտնան: Իր սիրտին ցաւէն արտայայտուելով, Ան հարց կու տայ Իր աշակերտներուն, թէ մարդիկ ի՛նչ կ'ըսեն Իր մասին (Մտ 16.13): Հաւատացեալները պէտք է հարց տան իրենց անձերուն, թէ Յիսուսի մասին ի՞նչքան գիտեն կամ իրենց զաւակը ի՞նչքան գիտէ Յիսուսի մասին:
Ռամիկ ժողովուրդը Յիսուսը չէր ճանչցած (Մտ 16.14): Երբ Յիսուս Իր հետ քալող աշակերտներուն հարցուց այդ մասին, միայն Պետրոս կրցաւ պատասխանել՝ «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (16): Յիսուս անոր երանի տուաւ եւ ըսաւ, թէ ան վէմ է, որուն վրայ Իր եկեղեցին պիտի շինէ (18):
Պետրոսի ըսածը մարդկային մտածումէ յառաջ եկած չէր, այլ Հօր կամքն էր եւ միայն ա՛յս վկայութեան վրայ եկեղեցին կը շինուի: Յայտնե՛նք ու սորվեցնենք Յիսուսի մասին: Երբ կը դաւանինք Յիսուսը որպէս Քրիստոսը՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին, Պետրոսի նման վեմ կ'ըլլանք (Ա. Պտ 2.4-5):