Աղօթքը Աստուծոյ նկարագիրը եւ ստորոգելիները կը հռչակէ: Կ'աղօթենք, Աստուոյ մօտենալու ու Անոր ներկայութեան կենալու համար (Սղ 5.1-3,34.4, 40.1), Սուրբ Հոգիին միջոցաւ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ ըլլալու եւ Աստուծոյ ծրագիրները աշխարհին յայտնի դարձնելու համար:
Աղօթքը պատերազմ է: Զանազան կեանքի պայմաններու դիմաց, կրնայ փորձիչ ըլլալ աղօթքէն դադրիլը, բայց Աստուածաշունչը կ'ըսէ, թէ երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ'առնուի: Ներքին կորովով փրկութիւն եւ ազատութիւն փնտռողները՝ կ'օրհնուին (Ծն 32.24-32: Մտ 11.12):
Աղօթքին որպէս արդիւնք, Աստուած երկինքէն թշնամիին վրայ մեծ ձայնով կ'որոտայ (Ա.Թգ 7.10), երկինքէն կրակ կը ղրկէ (Գ.Թգ 18.1-39), թշնամիները կը ցրուէ (Դ.Թգ 19.14-19, 35-37):
Աստուածաշունչը կը հաստատէ թէ անոնք որոնք կ'ապրին փրկութեան ծրագիրին եւ Աստուծոյ նպատակներուն համար, իրենց աղօթքներու պատասխան կ'առնեն (Ծն 20.17, 25.21): Աղօթքի միջոցաւ՝
- Հաւատացեալներ գԵրբնական իմաստութիւն կը ստանան (Գ.Թգ 3.8-14: Յկ 1.5),
- Մարդոց միտքերը կը բացուին (Եփ 1.17-18):
- Տեսիլքներ կը տեսնեն (Դ.Թգ 6.16-17):
- Մեռելներ յարութիւն կ'առնեն (Գ.Թգ 17.17-24: Գրծ 9.36-41):
- Թշնամիին բանակը պարտութեան կը մատնուի (Դ.Թգ 19.14,35):
- Բանտերու դռներ կը բացուին եւ կապանքներ կը քակուին (Գրծ 12.5-11, 16.25-26):
Աղօթքի զօրութեամբ, երկինքէն զօրութիւն կու գայ (Գրծ 1.8,24, 2.1-3, 4.23-31) եւ Սատանային ուժերը կը փախչին (Ես 37.6-9: Դ.Թգ 7.3-7):
Աղօթքի ընթացքին, Քրիստոնեաները զԱստուած Կը Պաշտեն ներքին երկիւղով երկրպագելով, խոստովանելով, գովաբանելով եւ աղաչելով: Պէտք է աղօթենք Սուրբ Հոգիով (Եփ 6.18:Յդ 1.20) եւ Սուրբ Հոգիին հառաչանքներուն հաւատալով: Աղօթքի ժամանակ, պէտք է ակնկալենք Աստուծոյ խոստումները ու խնդրենք վստահութեամբ, անկեղծ սիրտով եւ ներող հոգիով: