Երբ մարդը իր ազատ կամքով մեղանչեց, հոգիով մեռաւ եւ Աստուծմէ բաժնուեցաւ: Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը խզուեցաւ (Ծն 3.22-24) եւ մարդը Աստուծոյ հանդէպ ըմբոստութիւն ունեցաւ (Ծն 4.3-9):
Մարդը կորսնցուց այն իշխանութիւնը որ ունէր Աստուծոյ հետ իր մտերմութեան միջոցաւ եւ օրհնութիւնը անէծքի վերածուեցաւ (Ծն 3.16-19, 4.11-12):
Անէծքը մահուան ոգին է (Ծն 3.22, Հռ 6.23), որ կեանքը կը պատէ դէպի մահ տանելու համար: Բոլոր ազգերը այսօր կը տառապին անէծքին ազդեցութենէն (Հռ 5.12): Առանց Աստուծոյ, մարդը սկսաւ անէծքի մէջ ապրելու եւ յառաջ եկան շատ արգելքներ ու դժուարութիւններ:
Թէեւ մարդը բաժնուեցաւ Աստուծմէ եւ մարմնաւոր ու մահկանացու եղաւ, սակայն Աստուած բնաւ չդադրեցաւ զինք սիրելէն եւ փրկութեան խոստում մը տուաւ (Ծն 3.15): Աստուած յայտնեց իր երկրորդ ծրագիրը, որ իր Որդին ղրկելով մարդը վերականգնելն էր (Եփ 1.3-5): Փրկութիւնը կատարուելէն առաջ իսկ, Աստուած ձեւը ներկայացուց անասուն մը զոհելով (Ծն 3.21):
Երբ Ենովսի օրերուն, մարդը ճանչցաւ իր մահկանացու ըլլալը, աղօթքին նպատակը ճանչցաւ ու սկսաւ Աստուծոյ անունը կանչել (Ծն 4.26): Հաւատացեալներ այսպիսով սկսան իրենց անձերը Տիրոջ խոստացած փրկութեան նուիրել եւ ուխտ ընել: Փրկութեան հանդէպ իրենց հաւատքը ցոյց տալու համար մարդիկ սկսան զոհ մատուցանել եւ Աստուծոյ հաճութիւնը շահող զոհերը անէծքը օրհնութեան կը փոխէին (Ծն 8.21-22, 9.1-3):
Մենք Աստուծոյ զաւակներ ենք եւ Քրիստոսի կատարած փրկագործութիւնը ընդունած ենք: Պէտք չունինք այսօր անասուն զոհելու, բայց պէտք ունինք Քրիստոսի զոհին հաւատալով, մեր անձերը որպէս կենդանի զոհեր Աստուծոյ նուիրելու (Հռ 12.1), որպէսզի կարենանք Աստոււծոյ շնորհքին պտուղները վայելել: