Բեթհեզդայի աւազանին քով կատարուած բժշկութիւնը, բժշկութեան ձեւը եւ Տէր Յիսուսի տուած պատասխանը պատճառ դարձան, որ հրեաները զայրանան եւ ուզեն զԱյն սպաննել:
Աստուած Իր Հայրը կոչելով, Տէր Յիսուս Ինքզինք Անոր հաւասար կ'ընէր, կ'ըսէին հրեաները: Յհ 5.19-րդ համարէն սկսեալ, «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի» ըսելէ ետք, Տէր Յիսուս կը փաստէ անոնց, թէ իրենց հասկցածը սխալ չէր եւ թէ անոնք պէտք ունէին հաւատալու այդ ճշմարտութեան, որպէսզի ստանային յաւիտենական կեանքը եւ ազատէին ամէն դատապարտութենէ:
Մենք յաճախ նշած ենք, թէ Տէր Յիսուս Բանն է՝ Խօսքը, որ մարդացաւ: Այսօր ալ Ան նոյնն է. Խօսքը, որ կը մարդանայ: Այսինքն՝ Խօսքին հաւատալով, Ան մեր մէջ կենդանի կ'ըլլայ Սուրբ Հոգիով:
Յհ 5.19-ին մէջ Ան ամբոխին կ'ըսէ. «[…] Որդին Ինքն իրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ'ընէ […] նմանապէս Որդին ալ նոյնը կ'ընէ»:
Ասիկա անկարողութեան կամ ստորադասութիւն նշող արտայայտութիւն մը չէ, հապա ընդհակառակը՝ անիկա ցոյց կու տայ Հօր հետ Որդիին միութիւնը ինչպէս նաեւ այն իրականութիւնը, թէ կարելի չէ, որ Որդին կատարէ բան մը, որ Հօրը կամքին հակառակ ըլլայ, որովհետեւ Անոնց կամքն ու գործը նոյնն են: Այդ մասին կը կարդանք Փլպ 2.13-ին մէջ (Ն.Թ.). «Որովհետեւ Աստուած Ի՛նք է, որ կը ներգործէ ինչ որ կը կամենաք ու կը կատարէք, որպէսզի Իր կամքին համաձայն շարժիք»:
Ապա Ան կը շարունակէ Իր խօսքը՝ միութեան մասին աւելի խորունկ բացատրութիւն տալով: Այդ բացատրութեամբ Ան ի մտի ունէր գետին մը պատրաստել՝ նկատի ունենալով մեզ եւ մեզի հասնելիք իշխանութիւնը:
Հմր 20- «[…] Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան կը ցուցնէ Անոր […]»:
Գործածուած բառերը կը ներկայացնեն վերոնշեալ միութիւնը: «Ցուցնէ» բառին բնագիրի տարբերակը կ'ակնարկէ բնական կերպով տեսնելուն, այսինքն՝ մէկ ըլլալուն շնորհիւ.
- Անոնց յարաբերութիւնը շարունակական սէր է:
- Որդին պարզապէս Հօրը կամքը չէ, որ կ'ընէր եւ կ'ընէ, հապա՝ Ան ունէր եւ ունի Հօր գործերուն յայտնութիւնները: Ասով, Որդին ֆիզիքական բժշկութիւններէն շատ աւելին ալ պիտի ընէ... (ինչ որ ակնկարութիւն է Անոր կարողութեան անսահման ըլլալուն):
Հմր 21- Աստուածութեան առանձնաշնորհումներէն մէկն է կեանքի եւ մահուան վրայ իրաւունք ունենալը (հմմտ Եփ 1.20-22):
Հմր 22- Հայրը վերջին դատաստանի առանձնաշնորհումը տուած է Յիսուսի:
- Այդ առանձնաշնորհումին մասին կը խօսի Պօղոս առաքեալ հաւատացեալներուն երբ կ'ըսէ, թէ մե՛նք պիտի դատենք նոյնիսկ հրեշտակները (տե՛ս Ա.Կր 6.2-3):
Հմր 23- Հօր հետ Յիսուսի միութիւնը այնքան կատարեալ է, որ Հայրը պատուելը կապուած է Որդիին հետ: Մերժել յարգել Որդի Աստուած կը նշանակէ մերժել յարգել Հայր Աստուած:
- Երբ այս մասին Հոգին ինծի կը սորվեցնէր, Ան աւելցուց, թէ ամէն բանէ, զգացումէ, առօրեայ պայմանէ եւ ըսի-ըսաւէ բարձր պէտք է դասել Քրիստոսի շղթային սրբութեամբ եւ արդարութեամբ կապուած օղակները:
Հմր 24- Ան, որ կապուած կը մնայ այն ճշմարտութիւններուն, որոնք կը վերաբերին Յիսուսի, Անոր գործին, ինքնութեան եւ Անոր մարդեղութեամբը իրագործուած փրկագործութեան, իր մէջ կ'ունենայ յաւիտենական կեանք եւ ազատ կ'ըլլայ դատապարտութենէն. «[…] Որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է» (Ն.Թ.):
- Այսինքն՝ անձը արդէն անցած է մահուան մթնոլորտէն դէպի կեանքի մթնոլորտ (Եփ 2.1,5):
- Հմմտ Ա.Յհ 3.14- «Մենք գիտենք՝ թէ մահէն կեանքի անցած ենք. ապացոյց՝ որ մեր եղբայրները կը սիրենք: Ով որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ մահուան ենթակայ կը մնայ»:
Հմր 25- Հոս Տէր Յիսուս ցոյց կու տայ Որդիին ձայնին զօրութիւնը, որ կրնայ մեռելները կեանքի կոչել (տե՛ս Յհ 11.43).
- Որ դուրս գան իրենց գերեզմաններէն (Յհ 5.28-29)
- Որ հոգեւոր մահէն յաւիտենական կեանքի գան (հմր 24)
Հմր 30- Տէր Յիսուս Ինքզինք ենթարկած է Հօրը: Անշուշտ Ան պատասխանատու կերպով կապուած է Հօրը:
- Լսելով Հօրը
- Գործադրելով միայն կամքը Հօրը, որ զԻնք ղրկեց
Պօղոս առաքեալ կը փափաքէր, որ հաւատացեալները մեռած ըլլան, եւ Քրիստոս ըլլայ իրենց մէջ ապրողը (Գղ 3.20):
Դրայանոս կայսրին (Ք.Ե. 53-117) կողմէ հարցաքննուելու ընթացքին, Սուրբ Իգնատիոս նշած է, թէ Քրիստոս իր մէջ կ'ապրի: Իսկ Դրայանոս հրամայած է, որ սպաննեն զինք, հաւատալով, որ այդպիսով նաեւ սպաննած պիտի ըլլային անոր մէջ ապրող Քրիստոսը:
Այս նիւթի Աստուածաշունչի հատուածը կամ բնաբանը մեզի կը սորվեցնէ, թէ երբ Տէր Յիսուս մեր մէջ կը բնակի, Սուրբ Հոգիին միջոցաւ Ան ի՛նչ կ'ուզէ ընել այս աշխարհին: