Սամարացի կնոջ պատմութենէն կը սորվինք շատ մը դասեր: Սակայն այսօր կ'ուզեմ կեդրոնանալ Յիսուսի կեանքի ջուր տալուն եւ այդ ջուրը մեր ներսիդին յաւիտենական ջուրի աղբիւրներու վերածուելուն վրայ:
Տէր Յիսուս պէտք էր որ Գալիլիա երթար: Ան ընտրեց անցնիլ Սամարիայի ճամբայէն՝ բան մը, որ հրեաները չէին ըներ, որովհետեւ կ'ատէին Սամարացիները: Սակայն մեր Տէրը ուզեց անո՛նց ալ հասնիլ եւ փրկութեան աւետիսը տալ:
Ան Իր ծառայութիւնը ատելութենէ ազատ կը կատարէր: Կ'երթար այն տեղերը, ուր առաքելութիւնը զԻնք կը ղրկէր (հմմտ Ղկ 19.10):
Կա՞յ արդեօք տեղ մը, ուր փրկութեան լուրը հասցնելու կարիքը կայ, բայց դուն չես սիրեր երթալ հոն:
Տէր Յիսուս Կը Հանդիպի Մեզի՝ Մեր Գտնուած Տեղին Մէջ
«5Ճամբուն վրայ եկաւ Սիւքար, որ Սամարիայի քաղաքներէն մէկն էր, մօտիկը այն տեղին, որ Յակոբ իր զաւակին՝ Յովսէփի տուած էր: 6Հոն կը գտնուէր նաեւ Յակոբի ջրհորը: Յիսուս ճամբորդութենէն յոգնած՝ նստաւ ջրհորին քով: Գրեթէ կէսօր էր: 7Սամարացի կին մը եկաւ ջուր քաշելու: Յիսուս ըսաւ անոր.- “Ջուր տուր ինծի”»:
«Գրեթէ կէսօր էր»- Այսինքն հաւանաբար ոչ ոք այդ ժամուն կու գար ջուր քաշելու ջրհորէն: Իր բարոյական կարգավիճակին պատճառով կինը փախուստ կու տար քաղաքի բնակիչներէն, որովհետեւ հաւանաբար կը վիրաւորէին զինք եւ գէշ աչքով կը նայէին իրեն:
Այդ բոլորին մասին գիտնալով հանդերձ, Յիսուս յօժարեցաւ խօսիլ կնոջ հետ եւ նոյնիսկ ջուր ուզել անկէ:
Նախքան որ Իր կենսատու ջուրը տար կնոջ, Տէր Յիսուս անկէ խնդրեց, որ ջուր տար Իրեն: Վերջաւորութեան երկուքն ալ չխմեցին սովորական ջուրը:
- Ըստ ինծի, կնոջ ջուրը կը խորհրդանշէր անոր սիրտին վիճակը: Իսկ Տէրը կը փորձէր այնպէս ընել, որ ան իր մէջինը դուրս հանէր, որպէսզի Ինք անոր խմցնէր Իր կեանքի ուժ ունեցող ջուրէն:
- «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (Մտ 11.28):
- Երբ Տէրը մեզմէ բան մը ուզէ՝ ծառայութիւն եւլն., իրականութեան մէջ մեր անձերը Իր Կեանքի ուժ ունեցող Հոգիով նորոգել կ'ուզէ:
Ատելութենէ Ազատ Է Տէրը
Տէր Յիսուս ջուր խնդրեց սամարացի կնոջմէն, գիտնալով հանդերձ, թէ ան ի՛նչ վիճակի մէջ էր, ի՛նչ հոգեվիճակ ունէր եւ ի՛նչ ձեւով պիտի պատասխանէր:
- Տէր Յիսուս գիտէր կնոջ անցեալը:
- Տէր Յիսուս գիտէր, թէ երբ ջուր խնդրէր կնոջմէն, ան սկիզբը պիտի պարպէր սիրտին մէջ գտնուող բարկութիւնը կամ արտայայտուէր իր բնաւորութեան թերութիւնովը:
- Տէր Յիսուս կնոջ պաշտօն մը տուաւ՝ Իրեն խմելու ջուր տալու խնդրանքով, որպէսզի կինը մէջինը Տիրոջ առջեւ հանէր եւ Տէրը զինք մաքրէր:
- Տէր Յիսուս գիտէր, թէ այդ կինը վերջապէս պիտի երթար եւ ծառայէր Սիւքար քաղաքի բնակիչներուն:
- Երբ ծառայող մը ծառայութեան փափաք ունենայ եւ տալու վիճակի մէջ ըլլայ, նախ իր ձեւով՝ իր բնաւորութեան թերութիւնով է, որ կ’արտայայտուի: Բայց երբ Տիրոջ հետ կը հաղորդակցի եւ երբ իր անձը ելք փնտռող կ’ըլլայ, անպայման Տիրոջ կողմէ կը մաքրուի, կը կրթուի եւ կը շինուի՝ ինչպէս կնոջ հետ եղաւ:
«8(Մինչ այդ, աշակերտները քաղաք գացած էին ուտելիք գնելու համար):
9Սամարացի կինը ըսաւ.
- Դուն որ Հրեայ մըն ես, ինչպէ՞ս ինձմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը խմելու ջուր կ’ուզես: (Քանի Հրեաները Սամարացիներուն հետ երբեք չեն յարաբերիր)»:
Եթէ գիտնայիր
«10Յիսուս պատասխանեց.
- Եթէ գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՛վ է որ քեզի կ’ըսէ՝ ջուր տուր ինծի, հաւանաբար դո՛ւն իրմէ ջուր պիտի ուզէիր, եւ անիկա քեզի կենսատու ջուր պիտի տար»:
«Գիտնայիր» οἰκεῖος [ oikeios /oy· ki·os/] «Իքի՛ոս» (Enhanced Strong’s Lexicon)
- Ընտանիքի անդամները գիտնալ
- Ընտանիքի անդամ ըլլալը գիտնալ
- Իսկական տունը գիտնալ
- Մտերմութիւն ունենալ
- Արեան կապ ունենալ
- Նուիրուած ըլլալ
- Պատկանիլ, միացած ըլլալ
«Կենսատու (ջուր)»- Յունարէնով՝ «Զոն»
- Կեանք եւ կեանքի ուժ ունեցող, կտրիճ
- Կեանք տուող
- Գործօն
- Օրհնուած
- Փրկարար
«13Յիսուս պատասխանեց.
- Ով որ այս ջուրէն խմէ՝ դարձեալ պիտի ծարաւնայ, 14բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ: Ընդհակառակը, ջուրը որ ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ»:
Բոլոր անոնք, որոնք Տէր Յիսուսի տալիք ջուրէն կը խմեն, յաւիտեան պիտի չծարաւնան: Այդ ջուրը, որ նախ Խօսքը եւ ապա Սուրբ Հոգին է, խմողին ներսիդին աղբիւրի կը վերածուի: Տիրոջ Խօսքը ընդունողին մէջ կը վերածուի յագեցնող եւ կենդանութիւն ունեցող յաւիտենական աղբիւրի մը եւ կեանքի նպատակներուն կը ծառայէ (հմմտ Հռ 8.11):
Պատմութեան մէջ, կինը կը խմէ, այսինքն՝ կը հաւատայ եւ կ'ընդունի Տիրոջ խօսքը, եւ այդ վախի մէջ եղողը, ամչցողը եւ հալածուածը կը դառնայ շրջանի առաջին աւետարանիչը: