Երբ 5000-էն աւելի մարդիկ հաւաքուած էին Յիսուսի խօսքերը լսելու, 4 առաջարկներ եղան այդ մարդիկը կերակրելու համար, սակայն առաջարկներէն միայն մէկը ընդունուեցաւ Աստուծմէ: Տէրը պատանիին առաջարկած քիչը առաւ, ցոյց տալու համար թէ Ինք քիչով կը գոհանայ. Կարեւորը մեր ունեցած քիչը իրեն տալու մեր պատրաստակամութիւնն է :