Յայտնութիւն 11՝ Հրեաներուն Տաճարը Կը Կործանի
Մինչեւ այս բաժինը, յայտնի է, որ պատերազմը հոգեւոր մթնոլորտին մէջ էր, որուն բնական (երկրի վրայ) դրսեւորումը կործանումն էր Իսրայէլի երկիրին՝ Երուսաղէմի:
Ամենայստակ եւ ուղիղ ապացոյցը թէ՝ ըսուածները կը վերաբերին Երուսաղէմի, Յյտ 11.8-ին մէջ է. «Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան այն մեծ քաղաքին հրապարակին մէջ, որ հոգեւորապէս կը կոչուի Սոդոմ ու Եգիպտոս, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ»:Գիտենք, որ Յիսուս Երուսաղէմի մէջ խաչուեցաւ եւ Աստուածաշնչական համարներ կան, ուր Իսրայէլ կը նմանցուի Սոդոմին (Բ. Օր 32.32: Ես 1.9-10: Եր 23.14: Եզ 16.48-49, 53):
Վստահաբար, Աստուած նեղացած էր, որ Հրեաները Իր մարգարէները մերժեցին եւ Տէրը՝ Որդին, խաչեցին: Յիսուս այդ մասին իր յուսահատութիւնը արտայայտեց Մտ 23.3-7ին մէջ:
11-րդ գլուխին սկիզբը, Յովհաննէսին ըսուեցաւ, որ տաճարը չափէ: Ատիկա իրական երկրի վրայ եղածն է (Յյտ 11.1):
Այս համարը մեկնելով, ապագայ կատարումի կարծիքը ընդունողները (futurists) Հրեաներուն օգնութիւն կը հայթայթեն, որովհետեւ կը հաւատան, թէ Հրեաները պէտք է տաճարը շինեն:
Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքը ընդունողները (partial preterists) Մտ 23.38-էն կը հասկնան, թէ տաճարը անբնակ պիտի մնայ. «Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»: 11.2-ին մէջ կ'ըսուի, թէ հեթանոսներուն կողմէ սուրբ քաղաքը կոխկռտուեցաւ 42 ամիս: Հրեաներուն եւ Երուսաղէմի դէմ պատերազմը 42 ամիս տեւեց: Ներոն կայսրին կողմէ Վեսփասեան յանձնարարուած էր այդ գործին համար Ք.Ե. 67-ը Փետրուարին, իսկ քաղաքը ինկաւ Օգոստոս 70-ին Ք.Ե.:
Յայտնութիւն 11.3-12` Երկու Վկաները Երուսաղէմի մէջ - Յյտ 11.3-ին մէջ կը կարդանք. «Ես իմ երկու վկաներուս զօրութիւն պիտի տամ եւ անոնք քուրձ հագած հազար երկու հարիւր վաթսուն օր մարգարէութիւն պիտի ընեն»:
Ո՞վ են այդ երկու վկաները: Ապագայ կատարումի կարծիքը ընդունողները կ'ակնկալեն երկու անձեր, որոնք Երուսաղէմի թաղերուն մէջ պիտի քալեն մեծ նեղութեան եօթը տարիներու մէկ մասին ընթացքին:
Մասնակիօրէն կատարուած մարգարէութեան կարծիքը ընդունողները կը բացատրեն, թէ երկու հոգիներ վկայեցին 1260 օր, որ կ'ընէ երեք ու կէս տարի կամ ճիշդ 42 ամիս՝ պատերազմի օրերուն չափ: Վկաները հագած էին քուրձ, որ կը նշանակէ թէ սուգի մէջ էին. Անոնք ողբերգական նամակ մը կը բերէին:
Մովսէսի Օրէնքին համաձայն, երկու վկաներով կը հաստատուէր դատապարտութիւնը: Իսկ ասոնք Երուսաղէմի մէջ էին, եւ ակնկալուած կործանումին մասին կը յայտնէին:
Յովհաննէս ըսաւ, թէ՝ «ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէսզի իրենց մարգարէութեան օրը անձրեւ չգայ ու ջուրերուն վրայ իշխանութիւն ունին՝ զանոնք արիւն դարձնելու եւ ամէն կերպ պատուհասներով երկիրը զարնելու՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն» (Յյտ 11.6):Ոեւէ հրեայ ընթերցողի համար ասիկա կը մատնանշէր Եղիայի եւ Մովսէսի (Եղիա՝ անձրեւին համար իսկ Մովսէս՝ արիւնին):
Յյտ 11.4՝ «երկու ձիթենիները» - Ձիթենին իւղի աղբիւրն է, ուրկէ Աստուծոյ օծութիւնը կը հոսի, իսկ աշտանակը լոյսի աղբիւրն է:
Հրեաներուն համար Օրէնքը եւ մարգարէութիւնը վկայութիւն կու տային պատմութեան ընթացքին: Մովսէս Օրէնքը բերաւ իսկ Եղիա Հին Կտակարանի ամենամեծ մարգարէն էր: Ուրեմն երբ վկաներուն մասին խօսինք, պէտք է հասկնանք Աստուծոյ Խօսքը, որ Մովսէս եւ Եղիա բերին աշխարհին, այսինքն՝ Օրէնքն ու մարգարէութիւնը:
Յյտ 11.7-ին մէջ, Յովհաննէս կը բացատրէ, թէ ի՛նչպէս գազանը պատերազմ ըրաւ վկաներուն դէմ եւ սպաննեց զանոնք: Երբ հռոմայական բանակին կողմէ Երուսաղէմը կործանեցաւ, Հրեաներուն յոյսը պարապի ելաւ ու խօսքը դադրեցաւ, եւ վերականգնելու, այսինքն՝ յարութիւն առնելու, յոյս չմնաց: Յյտ 11.10-ին մէջ, հեթանոսները վկաներուն, այսինքն՝ օրէնքին եւ մարգարէութեան, լռելուն համար ուրախացան, որովհետեւ վկաները իրենց եւ իրենց մեղքին մասին ալ կը վկայէին:
Վկաներուն սպաննուելէն «երեք ու կէս օր ետքը Աստուծմէ կենդանութեան հոգի մտաւ անոնց մէջ ու իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան եւ զանոնք տեսնողներուն վրայ մեծ վախ ինկաւ» (հմր 11): Վկաներուն յարութիւն առնելը ակնարկութիւն է Օրէնքին եւ մարգարէութեան վերադառնալուն:
Անկէ ետք, Յյտ 11.13-ին մէջ, պատուէր ստացան երկինք ելլելու: Իսկ Յյտ 11.13-ին մէջ, մեծ երկրաշարժ եղաւ, որուն մասին խօսեցանք ըսելով, թէ ակնարկութիւն է իշխանութեան իյնալուն կամ փոխուելուն:
Այդպիսով հրեաներուն միջոցաւ Խօսքին քարոզուիլը դադրեցաւ, եւ եկեղեցին եղաւ Խօսքը տարածելու աղբիւրը: Այս հասկացողութեամբ Աւետարանն ալ տարբերակ մըն է Օրէնքի եւ մարգարէութեան: Որովհետեւ Առաջին Եկեղեցին իր օրերուն Աւետարանը չունէր, եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին խօսելու ատեն անոնք կը քարոզէին Օրէնքէն եւ մարգարէութիւններէն:
(Ետքը պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս գազանը Հռոմի կայսրութեաան ետին կեցող ոգեղէն ուժերը կը ներկայացնէ):
Յյտ 11.19՝ Նոր Տաճարը Բացուեցաւ - Հին տաճարը կործանեցաւ եւ նորը հաստատուեցաւ: Ահա նոր տաճար՝ նոր քահանայապետով:
Յյտ 11.15-18 - Ուրախութիւն՝ Երկինքի Մէջ
Երբ Ք.Ե. 70 թուականին տաճարը կործանեցաւ, երկինքի մէջ ուրախութիւն եղաւ: Բոլորը կ'ըսէին. «[…] Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան: Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից» (հմր 15):
Ասիկա ըսել է, թէ թագաւորութիւնը առնուեցաւ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ Մտ 21.43-ին մէջ: Ասկէ ետք, երէցները երկրպագութիւն ըրին (Յյտ 11.17):
Այսպէս, թէեւ բնական աշխարհին մէջ երեւութապէս Հռոմի կայսրութիւնը յաղթած էր Հրեաներուն, բայց ոգեղէն իշխանութիւնները տեսան, որ Աստուած յաղթեց առաջին պատերազմին, եւ գիտէին, թէ Աստուած Իր թագաւորութիւնը շուտով պիտի ընդարձակէր եկեղեցիին միջոցաւ:
Վերջին Ակնարկութիւններ՝ Հրեաներու Պատերազմին Մասին
Շատեր սխալ համոզումներու հասած են Հրեաներու այն դատաստանին եւ կործանումին վերաբերեալ:
Ներկայի Հրեաները վճարեցին իրենց պարտքը տաճարին կործանումով, եւ այլեւս պարտք չունին: Աստուած Հրեաներուն դէմ Իր դատաստանը աւարտեց Ք.Ե. 70 թուականին: Ներկայի սերունդը իր գործերուն պատասխանատուն է: Անոնք Աստուծոյ հետ տակաւին ուխտ ունին. եթէ հնազանդին՝ պիտի օրհնուին, իսկ եթէ մերժեն՝ պիտի դատուին (Բ.Օր 28): Այդ ուխտը յաւիտենական է (Ծն 17.7, 13.1: Ա.Մն 16.16-17: Սղ 105.9-10): Այլեւս ամէն մարդ իր մեղքին համար հաշիւ պիտի տայ (Եզ 18.20): Աստուծոյ յաւիտենական ուխտը կը մնայ Հրեաներուն հետ եւ Աստուած անոնց աչքերը պիտի բանայ, Հռ 11.24-31-ին համաձայն, որպէսզի Յիսուսը ընդունին: