(17.1-3) Իսրայէլ նորէն վտանգի առջեւ կը գտնուէր (Փղշտացիներէն): Երկու բանակներն ալ հաւաքուեցան (փուշոտ) Սոքովի եւ Ափեսդոմմի (Արեան ծայր. Ephed Dammin էֆիդ Տէմին) մէջ, Երուսաղէմէն մի քանի մղոն անդին:
Որոշեցին պատերազմին յաղթութիւնը կապել երկու հոգիներու կռուելուն (14-11)՝
- Սաւուղը, Աստուծոյ ժողովուրդին թագաւորը եւ Աստուծոյ թագաւորութեան ներկայացուցիչը:
- Գողիաթը, Փղշտացիներուն բանակին զօրավարը: Իր հսկայ ըլլալուն համար կրնանք հետեւցնել որ ան կը ներկայացնէ թշնամին, որովհետեւ անոնք ճանչցուած են որպէս Սատանային գործակալներ եւ Աստուծոյ Փրկութեան խոստումը սպաննել ուզողները:
Գողիաթ մօտ 3 մէթր 60 սմ. Էր եւ զինուած էր մարդկային լաւագոյն միջոցներով (4-7): Սաւուղ եւ իր զօրավարները չհամարձակեցան անոր դէմ դնել: Արդէօք Աստուած իր ժողովուրդը պահպանելու ծրագիր չունէ՞ր: Աստուած ունէր ծրագիր, բայց Սաւուղ այդ ժամանակին մէջ Տիրոջ հոգիին նպատակը իրականցնելու վիճակին մէջ չէր:
Գողիաթ իր ֆիզիքականին վստահելով նախատեց Աստուծոյ ժողովուրդը եւ կրցաւ ազդել Սաւուղին, ժողովուրդին եւ զօրավարներուն վրայ (10-11):
Միւս կողմէն, Դաւիթ, իր հօր յանձնարարութեամբ, վերադարձած էր պատերազմի դաշտը, եղբայրներուն որպիսութիւնը տեսնելու եւ լուռը հօր տանելու համար (12-39): Ան լսեց անցուդարձին մասին (24-27) եւ իր հաւատքի կարծիքը տուաւ: Եղբայրը, վախի մէջ ըլլալով, Դաւիթին խօսքերը պատանիի հպարտութիւն նկատեց ու յանդիմանեց (28-29): Դաւիթ փորձեց ըսել «ըսածիս մէջ, իրաւունքով չե՞մ»:
Դաւիթ չտկարացաւ եղբօր եւ ժողովուրդին խօսքերէն, հապա իր հաւատքը պահեց եւ անոր ըսածները հասան մինչեւ թագաւորը: Ասիկա պատկեր մըն է թէ ինչպէս մէկը կը բարձրանայ իր կոչումին մէջ: Դաւիթ տարբեր լեզու կը խօսէր իր հաւատքին միջոցաւ:
Սաւուղ իր հանդերձները տուաւ բայց Դաւիթ չկրցաւ հանգիստ ըլլալ ատոնցմով (38-39):
(40-50) Դաւիթ Գողիաթին յաղթեց իր կոչումը Տիրոջմով ճանչցած ըլլալուն համար: Ան գործածեց իր ունեցած բնական պատերազմի միջոցները՝ Աստուծոյ վստահելով: Ան չգործածեց զօրացնող միջոցներ:
Փղշտացին՝ Գողիաթը մերժուածութեան հոգի արձակեց (41-44): Դաւիթ գիտցաւ Գողիաթին վրայ երեւցած եւ անոր խօսքերուն միջոցաւ իրեն հասնող սխալ խորհուրդի հոգիները զսպել (45-48) եւ անոր ըսաւ «դուն արտաքին եւ ֆիզիքական միջոցներ կու գաս (45), բայց ես՝ Տիրոջ անունով»: Եբրայերէնով «անուն» բառը «շէմ» Shemբառն է, որ կը նշանակէ Տիրոջ յատկութիւնը, ստորոգելի, եւ ուղղակի անձը:
Դաւիթ մերժուածութեան հոգին կոտրեց մարգարէութեամբ (46): Ան վկայութիւն տուաւ թէ Տէրը ինչպէս կը գործէ եւ թէ Տիրոջ պատերազմը յաղթելը միայն արտաքին երեւոյթի բաներով չէ (47):
Դաւիթ իրմէ շատ աւելի հսկայ անձին դէմ վազեց, ոչ թէ իր ուժին վստահելով, այլ Տիրոջ (48): Ան քարը նետած ատենը վստահած էր Տիրոջ զօրութեան, որուն ինք կը հաւատար, եւ ո՛չ թէ քարին:
Դաւիթ Գողիաթին գլուխը կոտրեց անոր մեծ սուրով: Սուրը կը խօսի խօսքին մասին (Եփ 6): Դաւիթի խօսքը իրեն սուր էր, որովհետեւ անոր խօսածներուն ետին կեցողը հզօր Աստուածն էր: